ArmenianHouse.org - Հայ գրականություն, պատմություն, կրոն
Unicode Armenian Language Support Unicode Armenian Language Support Unicode Armenian Language Support

Արմին Վեգներ

ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹԱԼԷԱԹ - ՓԱՇԱՅԻ


Առաջին օր դատավարութեան   Շարունակութիւն դատավարութեան
Երկրորդ օր դատավարութեան


ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

Նախագահ Դր. Լեմբերգ ժամը 9,15ին կը բանայ նիստը:

Նախագահ. – Մենք կը շարունակենք դատավարութիւնը: Վճիռը գոյացնելու համար անհրաժեշտ անձերը ամէնքն ալ ներկայ են այստեղ:
Փաստական նիւթը, ինչ չափով որ ան կը յիշուի ամբաստանագրին մէջ, սպառած է եւ ընդհանրապէս` դատավարութեանը մասնակցողներուն հրաժարման հետեւանքով` լմնցած:
Այդ այդպէս ըլլալով, ես կ’ուզեմ հիմայ կարդալ իմ կողմէն մշակած հարցումները.

1. Յանցաւո՞ր է ամբաստանեալ Սողոմոն Թէհլիրեանը` 1921ի մարտ 15ին Շարլօտտէնբուրգի մէջ մարդ մը, Թալէաթ փաշան, դիտաւորեալ կերպով սպաննած ըլլալուն համար:
Այս հարցումը կը վերաբերի անկանխամտած սպանութեան. իսկ այժմ կը դրուի թիւ 2 հարցումը` կանխամտածուած սպանութեան մասին. այս հարցումին պատասխանելու է սակայն այն պարագային միայն, եթէ առաջին հարցումին հաստատական պատասխան տրուի:

2. Արդեօք ամբաստանեալը սպանութիւնը խորհրդածութեա՞մբ է կատարեր:
Ասկէ ետքը կու գայ թիւ 3 հարցումը, որուն պատասխանելու է այն պարագային միայն, եթէ թիւ1 հարցումին հաստատական պատասխան տրուի, իսկ թիւ 2 հարցումին` ժխտական:

3. Կա՞ն մեղմացուցիչ պարագաներ:
Կա՞ն արդեօք այնպիսիները, որոնք կ’ուզէին լրացումներ ընել այս հարցարկութեան նկատմամբ: Եթե ոչ` այն ատեն ես խօսքը պ. աւագ դատախազին կու տամ:
Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Մեր կողմէ առաջարկուած միւս բոլոր վկաներն ալ հոս եկա ծ են. պէտք է որ անոնք


-133-


որեւ է պաշտօնական եղանակով տեղեկացուին, թէ մենք կը հրաժարիքն զիրենք հարցաքննելէ: Ատկէ զատ, պարոն Ոսկանեանը եւս, որ ամբաստանեալի անձնաւորութեան եւ ընտանեկան պայմաններու մասին իր գիտցածը պիտի յայտնէր, Սերբիայէն նոյնպէս նոյնպէս տեղս հասած է: Յետոյ, ինծի ըսին, թէ վկայ Արմին Վէգնէր, զոր մենք հրաւիրած էինք, եւ որը տեղին վրայ լուսանկարներ ըրած է, նոյնպէս ինքզինքը մեր տրամադրութեան տակ դրած է: Սակայն ես կը կարծեմ, թէ ձեր փափաքին համապատասխան վարուած կ’ըլլամ, եթէ ըսեմ, որ մենք այլեւս ոչինչի պէտք ունինք. մենք արդէն գիտենք այն, ինչ որ պէտք էր գիտնայինք:

Երդուեալ մը.- Պ. նախագահ, հարցում մը. այստեղ ներկայ եղող հասարակութեան մէջ կը գտնուի հնդիկ մը, որ ըսած է, թէ այդ բոլոր կռիւները եւ սպանութիւնները ծագում առած են ոչ թէ տնտեսական, այլ կրօնական պատճառներէ:

Նախագահ.- Պարոններ, թէեւ այդ անմիջական կապակցութիւն չունի սպանութեան հետ, բայց անոր համար միայն, որպէսզի կարելի ըլլայ պարզել շարժառիթներու ամբողջ խորութիւնը եւ սարսափելի դէպքերու թուղուցած հսկայական տպաւորութիւնը, ես լայն արպարէզ բացի` արծարծելու համար այդ խնդիրները. այնպէս որ մենք իրօք պէտք չունինք այսօր նորէն անոնցմով զբաղելու:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Եթէ պ.պ. երդուեալները կ’ուզեն, պէտք է որ իրապէս անոնց գոհացում տրուի: Ատոր համար ես կը խնդրեմ խօսք տալ պ. Դր. Լեպսիուսին`, որպէս իրազեկի:

Նախագահ.- Պ. Դր. Լեպսիուս արդէն մանրամասնօրէն յայտնած է իր կարծիքը:

Երդուեալ մը.- Ընդհանուր առումով մենք իրօք արդէն լիովին համոզուած ենք, միայն կը փափաքէի, որ այդ ուղղութեամբ լուսաբանութիւն տրուէր:

Նախագահ.- Ես այնուամէնայնիւ չպիտի ուզէի այսօր կրկին զբաղիլ վկաներու երկայն բարակ հարցաքննութեամբ այս, իմ ըմբռնումով, խնդրին չվերաբերող կէտերու մասին:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Մենք լսած ենք, թէ օտարազգիներ խօսեր են մէկ կամ միւս երդուեալին հետ այս խնդիրներու մասին. ու եթէ պ.պ. երդուեալները դարձեալ լու-


-134-


սաբանութիւններ կ’ուզեն, պէտք է ընդառաջ երթալ իրենց այդ փափաքին:

Նախագահ.- Արդէօք կրօնական թէ ուրիշ շարժառիթներ են եղեր – վկաներէն մէկն ալ ըսաւ թէ Թուրքիոյ համար կան եղեր պետական անհրաժեշտութիւններ - ատոր մենք պէտք չունինք մեր այս գործին համար:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Սակայն թերեւս թոյլ տայիք ինծի` այդ առիթով իմ կողմէս խօսք մը ըսելու:

Նախագահ.- խնդրեմ, այդ կ’ըսէք ձեր ճառին մէջ, պ. դոկտոր: Իսկ հիմայ ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այսօր հոս եկած վկաներուն: Դատավարութեան մասնակցողները հրաժարեցան զիրենք հարցաքննելէ. սակայն իրենք, անշուշտ, կրնան ներկայ ըլլալ դատավարութեան:
Այժմ ես խօսքը կու տամ պ. աւագ դատախազին` ըսելու իր կարծիքը յանցաւորութեան մասին:

________________

Դատախազ Գոլնիկ.- Պ. պ. երդուեալներ, ներկայ քրէական դէպքին իրաւաբանական կողմը չէ, որ անոր առանձին նշանակութիւն կը պարգեւէ եւ կը բացատրէ այն ուժգին հետաքրքրութիւնը, որ այս դատասրահին վրայ կը դարձնէ մեր երկրին ինչպէս նաեւ արտասահմանին նայուածքները: Ուրիշ պարագաներու ազդեցութիւն փնտրելու է խնդրին մէջ: Դէպքը, իր հոգեբանական պատճառներու նկատմամբ, կը վերադառնայ մինչեւ համաշխարհային պատերազմին ատենները: Ան կը բարձրանայ հեռաւոր Փոքր Ասիոյ մէջ կատարուած վայրագ ու արիւնոտ իրողութիւններու հիմերէն, ու մեր ականջները իբրեւ թէ նորէն կը լսեն անցած որոտը համաշխարհային պատերազմին: Յետոյ, դէպքի զոհին անձնաւորութիւնն է, որ անոր առանձին նշանակութիւն կը պարգեւէ: Անանուններու, անծանօթներու զանգուածէն ձեռք մը տարածուեցաւ ու գետին տապալեց մարդ մը, որ ինքը ըլլալով մէկը ժողովուրդի զաւակներէն, ժողովուրդներու հսկայական գօտեմարտի պահուն կը վարէր ճակատագիրը իր հայրենիքին ու, որպէս հաւատարիմ դաշնակից գերման ժողովուրդին, բախտին բարձունքներուն վրայ քայլեց:


-135-


Սակայն, պ. պ. երդուեալներ, այս տպաւորութիւնները եւ վերարթնցող ապրումները չեն կրնար հարկադրել ամբաստանողը եւ դատաւորը` թողուլ դէպքը եւ դէպքին հեղինակը սոսկ պատժական իրաւունքի տեսակէտով դիտելու այն նեղ ճամբան, զոր կը հրահանգէ օրէնքը. իսկ իրաւաբանական տեսակէտով խնդիրը առանձապէս դժուարին ալ չէ: Թէհլիրեանը 1921ի մարտ 15ին ատրճանակի հարուածով մը սպաններ է Թալէաթ փաշան Շարլօտտէնբուրգի մէջ: Նշանը լաւ առնուած էր, մահը վայրկենական էր, ու տարակոյս չկայ, որ ամբաստանեալը ուզեր էր այդ մահը. ան գործեր էր դիտաւորեալ կերպով. չէ՞ որ ինքն իսկ ըսեր է, թէ մինչեւ հիմայ տակաւին գոհացում կը զգայ իր գործը յաջողած ըլլալուն համար: Մարդ մը սպաննելը պատժելի է գերմանական օրէնքով. ան պատժելի է, երբ խնդիրը պարզապէս մարդ մը սպաննելու մասին է. օրէնքը այսպէսով բնաւ տարբերութւըն չի դներ` գերմանացի՞ մըն է սպաննուածը թէ օտար մը: Պետական պատժագրքի 3դ յօդուածի հիման վրայ գերման պետութեան պարժական օրէնքները կը տարածուին նոյն պետութեան սահմաններուն մէջ կատարուած բոլոր քրէական դէպքերու վրայ: Պարոններ, ամբաստանեալին ըրած շատ մը տեսակէտներով հետաքրքրական բացագանչութիւնը, որբ ան բռնուեցաւ դէպքին վայրը ու տեսաւ իր շուրջը բազմութեան սպառնացող բռունցքները` “Գերմանիոյ համար ոչ մէկ վնաս, ես հայ, ան` թուրք” – ըսել է` մենք երկուքս ալ օտար ենք, ու Գերմանիա խնդրին մէջ գործ չունի - այս բացագանչութիւնը պատժական իրաւունքի համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այն պարագան, որ սպաննուածն ալ, ամբաստանեալն ալ` երկունք ալ օտարներ են եղեր, պատժական իրաւունքի տեսակէտով բոլորովին միեւնոյն է: Ուրեմն ամբաստանեալը, մեր օրէնքներով, արժանի է պատժի, եթէ հարկաւ - բան մը որու մասին յետոյ պիտի խօսուի – չկան պարագաներ, որոնք անպատժելի կը դարձնեն դէպքը:
Ամէնէն առաջ սակայն ճշդելու է, արդեօք դէպքը կանխամտածուա՞ծ սպանութիւն է թէ անկանխամտած. որովհետեւ օրէնքը կը տարբերէ մարդասպանութեան այս երկու տեսակները, ու դուք գիտէք, որ առաջին տեսակը աւելի ծանր քրէական արարք է, որուն համար այսօր տակաւին գոյութիւն ունեցող օրէնքը մահապատիժով կը սպառնայ. մինչ երկրորդ տեսակը, այսինքն յուզ-


-136-


ման վայրկեանին կատարուած սպանութիւնը, կը դիտուի իբրեւ աւելի մեղմ: Ես կրնամ նոյնպէս ընդունիլ իբրեւ արդէն ծանօթ իրողութիւն մը, թէ առաջին տեսակը այն սպանութիւնն է, երբ ոճիրին իրագործումը որոշ խորհրդածութեամբ կը կատարուի իսկ խորհրդածութիւն կ’ըսուի` հանդարտ, յստակ, խելաչափ գործունէութիւն մը, երբ մարդասպանը, ոճիրը կատարելու միջոցին, տակաւին ի վիճակի է եղեր` պարզաբանել իր արարքին նշանակութիւնը, իր դրդապատճառները եւ ոճիրը կատարելու միջոցները, ոճիրին հետեւանքները, այն բարոյական հիմերը, որոնք կրնային արարքին հակառակ խօսիլ - այո, երբ ան ի վիճակի է եղեր`զգալ իր վրայ այս ամէնին ազդեցութիւնը, դէմ դիմաց դնելով չափել ու կշռել բոլոր թեր ու դէմ խօսող փաստերը, ապա այս զուտ խելաչափ նկատառումներէն հանել իր որոշումը:
Ու երբ ես այժմ կը հարցնեմ. “խորհրդածութենէ մը ե՞տքն է կատարեր արդեօք Թէհլիրեանը Թալէաթ փաշայի սպանութիւնը”, բնականաբար կու գամ ուրիշ հարցումի թէ` ի՞նչ պատճառներ դրդած են զինքը այդ ընելու: Տարակոյս չկայ որ մենք հոս գործ ունինք քաղաքական սպանութեան մը հետ: Ամբաստանեալին դրդապատճառները եղած են քաղաքական ատելութիւնը, քաղաքական քինախնդրութիւնը: Այստեղ ձեր աչքերուն առջեւ պատկերացուեցան շատ մը դէպքեր` հեռաւոր վայրերու մէջ տեղի ունեցած: Անկասկած սոսկալի բաներ տեղի ունեցած են, հայ ժողովուրդին նկատմամբ սարսափներ կատարուած են, ու անկասկած է նոյնպէս, որ ամբաստանեալին եւ իր ընտանիքին եւս զարհուրելի բաներ պատահած են, որ ճակատագիրը հարուածեր է զինքը մինչեւ իր ուղն ու ծուծը, երբ իր բոլոր ազգականները մահուան մատնուեր են, եւ ինքը ստիպուած է եղեր ականատես ըլլալու այս ամէնուն: Ու ահա իր մէջ վերջ ի վերջոյ ծագեր է վրէժի գաղափարը: Թէ ե‘րբ է տեղի ունեցեր այդ, ատոր մասին ետքը պիտի խօսիմ:
Յետոյ, անտարակոյս է որ ամբաստանեալը ճիշդ յանձին Թալէաթ փաշայի տեսեր է հեղինակը այն ճակատագրին, որ հարուածեց զինքը, իր ընտանիքը եւ ուրիշ շատերը իր ցեղակիցներէն. ու տեսեր է յանձին անոր ոչ միայն ներքին գործոց նախարարը, որ կը կրէ ձեւական քաղաքական պատասխանատւութիւնը այն ամէնին, ինչ որ տեղի ունեցած է իր պաշտօնաշրջանին


-137-


մէջ, այլ եւ անձնական ու բարոյական հեղինակը յիշուած ոճիրներու:
Պարոններ, այս դրդապատճառներուն ճշդումը լիովին կը բաւէ` Թէհլիրեանի արարքին մասին պատժա - իրաւական տեսակէտով դատելու համար:
Բայց վկաներուն հարցաքննութիւնը տարածուեցավ նաեւ ուրիշ խնդրի մը վրայ` թէ Թալէաթ փաշան իրապէ՞ս անձնական ու բարոյական հեղինակը եղած է այս ոճիրներու: Ու թէեւ, իմ կարծիքով, արարքի մասին պատժա - իրաւական տեսակէտով դատելու համար բոլորովին միեւնոյնն է, թէ Թալէաթ փաշան եղած է կամ չէ եղած հեղինակը, թէ ամբաստանեալին այն գաղափարը, որ Թալէաթը եղած է այդ հեղինակը, կը համապատասխանէ իրականութեան թէ չի համապատասխաներ - այնուամենայնիւ պէտք է որ ես անդրադառնամ այդ խնդիրներուն, որոնք նիութ եղած են վկաներու հարցաքննութեան:
Պարոններ, անտարակոյս է եւ վկաներու ցուցումներով հաստատուած, որ հայերը եւ իրենց բարեկամները այն համոզումը ունին` թէ Թալէաթ փաշան է յառաջ բերեր հայկական սարսափները: Սակայն, պարոններ, ատիկա կողմնակալ տեսակէտ մըն է, եւ դիւրին պիտի ըլլար բերել այստեղ ամբողջ շարք մը վկաներու, որոնք տեղի ունեցած դէպքերու մասին բոլորովին ուրիշ ըմբռնում մը կը պարզէին: Ես խօսած եմ շատ մը գերման պարոններու հետ, որոնք Թուրքիա էին եւ շատ մօտ էին կանգնած դէպքերուն, եւ անոնք բոլորովին ուրիշ ըմբռնում մը ունին: Անոնք յայտնեցին` թէ խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ, որ Պոլսոյ կառաւարութիւնը որոշած ըլլար հայերու բնաջնջումը, եւ որ աւելի շուտ – թերեւս սխալ հասկացուած – պետական ու զինուորական ինքնապահովման նկատումներն են եղեր, որ դրդեր են զինքը` տալու տեղահանութեան հրամանը, որ ամէն պարագայի մէջ իր արդիւնքով ծայրայեղօրէն ճակատագրական եղաւ:

Նախագահը (ընդհատելով).- Կը խնդրեմ երկար կանգ չառնել այն խնդրին վրայ, որ առարկայ չէ եղած վկաներու հարցաքննութեան: Իսկ յիշել հոս իրողութիւնները, զորս յայտնած են ուրիշները, բնավ կապ չունի գործին հետ:

Դատախազը (շարունակոլով).- Բայց ես կրնամ այնուամենայնիւ օգտուիլ ատկէ այն շափով, որ չափով որ այդ տար-


-138-


բերութիւնը երեւան եկավ երկու իրազեկներու տեսակէտներուն ու ցուցումներուն միջեւ: Ես անշուշտ կրնամ հոս յայտնել, որ պարոն Դր. Լեպսիուսի տուած տեղեկութիւնները, որքան եւ հետաքրքրական ու մանրամասն են, ինծի համար ունին այնուամենայնիւ այն պակասութիւնը, որ դէպքերուն կու տան, իմ տեսակէտով, չափազանց սիսթէմատիք ու ծրագրուած բնոյթ. ու դժուար չէ տեսնել, որ Դր. Լեպսիուս եկած է այդ եզրակացութեան ոչ թէ տեղին վրայ, իր անձնական փորձերէն, դէպքերուն իսկ ատեն, այլ աւելի ուշ ստացուած տեղեկութիւններէ: Այդ պատճառով կը կարծեմ թէ իրաւունք ունիմ աւելի մեծ արժէք տալու երկրորդ իրազեկին հիմնաւորումներուն, այն է` պ. զօրավար Լիման ֆոն Զանդէրսի, որ այն ատեն տեղին վրայ բարձր պաշտօն կը վարէր եւ շատ մօտէն ծանօթ է դէպքերուն, եւ որ այստեղ խիստ կերպով ընդգծեց տարբերութիւնը` հայերու տեղահանութեան հրամանը տուող Պոլսոյ կառաւարութեան ըմբռնումին եւ տեղահանութեան իրագործման եղանակին միջեւ: Պոլսոյ կառավարութիւնը տեղեկութիւններ ստացած էր, թէ հայերը դաւաճանելու մասին կը խորհին, թէ Համաձայնութեան պետութիւններու հետ դաւադրութիւն կը կազմեն եւ վճռած են` երբ ռազմական կացութիւնը թոյլ տայ` կռնակէն յարձակիլ թուրքերուն վրայ ու գլուխ հանել իրենց անկախութիւնը: Ատոր վրայ Պոլսոյ կառավարութիւնը, պետական եւ զինուորական ինքնապահովման համար, անհրաժեշտ նկատած էր հայերու տեղահանութիւնը: Գալով տեղահանման եղանակին, պէտք է նկատի ունենալ, պարոններ, որ Փոքր Ասիան այն գետինը չէ, որուն վրայ կը տիրեն քաղաքակրթուած ժողովուրդներուն յատուկ պայմանները - ես կ’ուզեմ զգոյշ ըլլալ իմ արտայայտութիւններուս մէջ - այն պայմանները, որոնց մենք վարժուած էինք պատերազմէն առաջ: Աւանդութիւնը Փոքր Ասիոյ մէջ վայրագ ու արիւնալի է, եւ պարոն իրազեկը մատնանշեց, որ այն ատեն “սրբազան պատերազմ” էր յայտարարուած, ու ահա երբ այլացեղ ու այլակրօն ազգաբնակութիւնը տեսաւ, թէ ինչպէ’ս թուրքերը, ամէն կողմէ հայերը քշելով, մէկ տեղ կը ժողվեն, ատիկա բնականաբար ազդանշանը եղաւ` հայերուն վրայ յարձակելու: Ու հոս երեւան եկան մարդկային բնաւորութեան ամէնագէշ բնազդները – կողոպուտ, սպանութիւն եւ այլն: Պարոն իրազեկը մատնանշեց նաեւ, որ տե-


-139-


ղահանութեան համար գործի կոչուած ժանդարմները այլեւս նախկին ընտրովի զինուորականները չէին, այլ ասկէ անկէ ժողվուած սինլքորներ, որոնք յետոյ սեփական նախաձեռնութեամբ գործեցին ամէնքին յայտնի սպանութիւնները:
Ես պէտք կը նկատեմ ընելու այս կատարելապէս անհրաժեշտ շեղումը` ճշդելու համար հոս, որ վկաներու հարցաքննութեան արդիւնքը իրավունք չի տար ըսելու. “Ապացուցուած է որ Թալէաթ փաշան այն անձնաւորութիւնն է զոր անձնապէս եւ բարոյապէս պատասխանատու բռնելու է տեղի ունեցած սարսափներու համար”: Այս տեսակէտէս չեն կրնար զիս շեղել նաեւ այն փաստաթուղթերը, որոնք կ’ուզեն հոս մեր առջեւը դնել: Ես իբրեւ դատախազ գիտեմ, թէ ինչպէ’ս, օրինակի համար, մեզ մօտ յեղափոխական տակնուվրայութեան պահուն լոյս ինկան իսկ եւ իսկ նման փաստաթուղթեր, որոնք կը կրէին կարեւոր անձնաւորութիւններու ստորագրութիւնները, եւ որոնք սակայն, ինչպէս յետոյ կը պնդէին, կեղծուած էին: Զիս չի կրնար, վերջապէս, թիւրիմացութեան մատնել նաեւ այն դատավճիռը, որ հանուած է Պոլսոյ մէջ Թալէաթ փաշայի դէմ, եւ որու մասին հոս յիշուեցաւ: Ես չեմ գիտեր, թէ հոն ճշդուա՞ծ է առարկայական ճշմարտութիւնը: Կարող է այդպէս ըլլալ, սակայն ատոր դէմ կը խօսի այն սովորական երեւոյթը, որ հին քաղաքական սիսթէմին տապալումէ ետք անոր գործիչները նոր սիսթեմին համար ոճրագործներ կը դառնան: Պարոններ, այնպիսի արագ ու բիրտ տապալում մըն էր, որմէ աւելի զօրաւորը մարդ չի կրնար երեւակայել, երբ Միջին Եւրոպայի պետութիւններու բարեկամ Երիտասարդ Թուրքերու կառաւարութիւնը հեռացուեցաւ ու անոր տեղ դրուեցաւ նոր կառաւարութիւն մը, որը ստիպուած էր, ընդհակառակը, քալելու այդ պետութիւններու թշնամիներուն` Համաձայնութեան պետութիւններուն հետ: Այսպէսով, ինչպէս ըսի, մենք ի վիճակի չենք գիտնալու` թէ ճշդուեցա՞ւ արդեօք առարկայական ճշմարտութիւնը: Կը կրկնեմ – վկաներու հարցաքննութիւնը չտուաւ անգամ նուազագոյն ապացոյցը, թէ Թալէաթ փաշան է եղեր բարոյական հեղինակը այն ոճրագործութիւններուն:
Այժմ ես կը վերադառնամ բուն սպանութեան: Ես պարզեցի ձեզի, թէ ամբաստանեալը դէպի սպանութիւն մղող պատճառը այն էր, որ ան կ’ուզեր վրէժ առնել անհատէ մը, որուն


-140-


մասին համոզուած էր, թէ ա’ն է յանցաւորը, ա’ն է բուն հեղինակը ջարդերուն: Պարոններ, անտարակոյս անազնիւ դրդապատճառ մը չէ այդ, եթէ նկատի առնենք ծանրութիւնը կատարուած ոճրագործութիւններուն: Դրդապատճառ մըն է այդ, զոր կարելի է մարդկայնօրէն հասկնալ ու պիտի հասկցուի, որքան ատեն որ կան մարդիկ, որոնք ի վիճակի են ատելու եւ սիրելու:
Ու երբ ես յետոյ հարցնեմ, թէ ամբաստանեալը խորհրդածելո՞վ է գործեր, այն ատեն այդ իսկ դրդապատճառէն արդէն կը հետեւի, թէ այո’, այդպէս պիտի եղած ըլլայ: Երբ դուք ուշադրութեան առնէք, թէ ինչպէ’ս ամբաստանեալը` Երզնկայի մէջ իր հայրական տան աւերակները տեսնելէ ետք` կ’անցնի ամբողջ Եւրոպայէն, մինչեւ որ Բերլին կը հասնի, ձեր մէջ այն տպաւորութիւնը կ’արթննայ, թէ ան ամբողջովին բռնուած է վրէժի ֆանատիկոս գաղափարէն, թէ ան, կարծես, մագնիսէ մը կը քաշուի ու կը բերուի մինչեւ դուռը այն տան, ուր իր զոհը կը բնակի: Այսպէսով, բոլորովին ճիշդ է իմ տեսակէտով այն յայտարարութիւնը, զոր ան ըրած էր իր առաջին հարցաքննութեան միջոցին, ու ինծի համար բնաւ անտարակոյս չէ, թէ այդ յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրողութեան: Այն ատեն ամբաստանեալը ըսած էր. ”Իմ ծնողաց տան աւերակները տեսնելէ ետք ես շուտով որդեգրեցի վրէժի գաղափարը եւ կ’ուզէի իրագործել զայն: Այն ատեն արդէն գնեցի ատրճանակս”: Սակայն, պարոններ, ես չեմ ուզեր աւելի մանրամասնօրեն կանգ առնիլ ատոր վրայ: Կրնայ ըլլալ, որ ատոր դէմ կասկածներ յայտնուին, եւ արդէն ամբաստանեալը ինքն ալ հրաժարեցաւ իր այդ խօսքերէն` իբրեւ այնպիսիներէ, որոնք արտասանուած են եղեր թեթեւամտօրէն` սպանութեան պահուն յառաջ եկած յուզումին անմիջական ազդեցութեանը տակ: Բայց ես կը յենում անոր, ինչ որ ըսած է ամբաստանեալը քննիչին ու ապա կրկնած է այստեղ: Համաձայն ատոր, Թալէաթ փաշան սպաննելու որոշումը տեղի է ունեցէր սպանութենէն 14 օր առաջ. ու այնուհետեւ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ’ս ամբաստանեալը որոշ ծրագրով եւ ամէն ինչ կշռադատելով կը դիմէ իր նպատակին իրագործման: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ’ս ան կը ձգէ իր բնակարանը, ինչպէս կը պատճառաբանէ ատիկա առողջական նկատումներով, ինչպէ’ս կը յաջողի ուրիշ բնակարան մը վարձել Թալէաթ փաշայի բնակարանին դիմաց,


-141-


ինչպէ’ս կը հետեւի անոր ու կ’իմանայ` ե‘րբ Թալէաթ փաշան սովորաբար դուրս կ’ելլէ տունէն. ինչպէ’ս մարտ 15ին, ատրճանակը գրպանը դնելով, կ’երթայ անոր ետեւէն, ապա կ’անցնի առջեւը` համոզուելու համար, թէ մարդը իրապէս Թալէաթ փաշան է, յետոյ նորէն կ’անցնի ետեւի կողմը ու կու տայ մահացու հարուածը: Նշանը լաւ առնուած էր, այնպէս որ մահը վայրկենական եղաւ:
Որ ամբաստանեալը գործած էր խորհրդածութեամբ, կը տեսնուի նաեւ անկէ, որ յետոյ, ոստիկանատունը, երբ ոստիկանական պաշտօնեան հարցուցած է. “Ինչո՞ւ առջեւէն չյարձակեցաք անոր վրայ”,- ան պատասխանած է. “Այդ պարագային մահափորձը կրնար չյաջողիլ. որովհետեւ Թալէաթը պիտի պաշտպանէր ինքզինքը, պիտի շարժէր, ու ես չէի կրնար վստահ ըլլալ, թէ գնդակս նպատակին կը հասնի”:
Պարոններ, աւելի վերջն ալ մենք կը տեսնենք, որ ամբաստանեալը կը գործէ պաղարիւնով ու խորհելով: Ան կը նետէ ատրճանակը, կը փորձէ փախչիլ, ու երբ զինքը կը բռնեն եւ կը սկսեն ծեծել, կը բացագանչէ. “Իմ սպաննածս գերմանացի չէ, ես ալ գերմանացի չեմ. դուք գերմանացիներդ պէտք չունիք յուզուելու այս դէպքէն, որը ձեզ համար բոլորովին անտարբեր պիտի ըլլայ”:
Պարոններ, այս բոլոր պարագաները նկատի ունենալով` ամէն ոք պէտք է ըսէ. “սպանութիւնը գլուխ հանուած է կատարեալ պաղարիւնով, կանխաւ մտածուելէ եւ կշռուելէ ետք”:
Ասոր վրայ կ’աւելնայ նաեւ ամբաստանեալին խառնուածքը: Արդեօք ամբաստանեալը տաքարիւն եւ դիւարաւ բռնկող մա՞րդ մըն էր: Իրողութիւնը հակառակն է. ամբաստանեալը իր մէջ ամփոփուած, հանդարտ, թախծոտ մարդ մըն է. այնպիսի մէկը չէ, որ անձնատուր ըլլայ հրճուանքի եւ ուրախութեան, որ պոռթկայ ցասումով, այլ մարդ մը, որ իր մէջը կ’որոճայ իր միտքերն ու գաղափարները: Աս ալ, իմ կարծիքով, կը խօսի յօգուտ իմ այն տեսակէտին` թէ ամբաստանեալը կատարած է իր գործը խորհելով ու կշռելով”:
Այսպէս, իմ տեսակէտով, կարելի էր իրապէս կանխամտածուած սպանութեան հիմնական նշանները զուտ առարկայօրէն ապացուցուած նկատել: Սակայն, պարոններ, ասիկա տակաւին չպիտի բաւեր` պատժի ենթարկելու համար ամբաստանեալը: Պէտք է


- 142 -


քննել` չկա՞ն արդեօք այնպիսի պարագաներ, ինչպէս ես արդէն սկիզբը ըսի, որոնք անպատժելի կը դարձնեն արարքը. ու ահա այստեղ է որ հրապարակ կու գայ գերման պետական պատժագրքին 51րդ յօդուածը, որը կըսէ` թէ պատժելի գործողութիւն չկայ հոն, ուր անոր հեղինակը կամ կը գործէ կատարեալ անգիտակցութեամբ, կամ երբ ան` գործողութիւնը կատարելու պահուն` գտնուեր է մտաւոր գործունէութեան հիւանդագին խանգարման կացութեան մը մէջ, որ անհնարին կը դարձնէ կամքի ազատ արտայայտութիւնը: Ուրեմն, երբ խնդիրը հոգեկան խանգարման ենթակայ անհատի մը արարքին մասին է, օրէնքը չընդունիր առհասարակ պատժելի գործողութեան մը գոյութիւնը, այլ կը հաւասարեցնէ զայն մօտաւորապէս դժբախտ պատահարի մը, այսինքն այնպէս, ինչպէս եթէ, օրինակի համար, մէկը սպաննուէր ձիու մը սմբակի հարուածէն: Այդպիսի պարագաներուն չկայ պատժա-իրաւական տեսակէտով պատասխանատու մարդ մը, ուրեմն չկայ նաեւ պատժելի գործողութիւն: Այժմ հարց կը ծագի, թէ ամբաստանեալին նկատմամբ գոյութիւն ունի՞ն այս պարագաները կամ անոնցմէ մէկը:
Պարոններ, ըստ ինքեան հասկանալի է, որ եթէ բոլոր իրազեկները միեւնոյն բանը ըսեն, դատարանը բնականաբար միշտ անոնց տեսակէտին կը հետեւի: Դժբախտաբար մենք հոս իրազեկներու այդպիսի միահամուռ տեսակէտ մը չունինք, ուստի դատարանը հարկադրուած է ինքը որոշելու, թէ 51դ յօդուածին տրամադրութիւնները, իր տեսակէտով, ներկայ պարագային գոյութիւն ունի՞ն թէ ոչ:
Դուք լսեցիք, որ իրազեկներէն երեքը ըսին մեր տեսակէտով այդ տրամադրութիւնները գոյութիւն չունին. իրաւ է, ամբաստանեալը վերնոտ մըն է, որ ենթակայ է ջղաձգական բռնկումներու, սակայն այդ տակաւին չի բաւեր, որովհետեւ վերնոտը կը զրկուի իր մտաւոր գործունէութենէն այն ատեն միայն, երբ բռնկումը սկսած է, իսկ սովորաբար ան բոլորովին բնական մարդ մըն է: Այդ պատճառով ամէն անգամ, երբ կ’ըսուի թէ ոճիրի հեղինակը վերնոտ է, դատարանը եւ իրազեկները կը հարցնեն. “այո’, բայց բռնկում մը ունէ՞ր ան` ոճիրը գործելու պահուն կամ գործելէ քիչ ատեն առաջ”: Ու եթէ այդպէս չէ եղած, ապա ուրեմն ան կատարելապէս բնական մարդ մը կը նկատուի:


- 143 -


Այս տեսակէտը արծարծած են առաջին երեք իրազեկները, մինչդեռ վերջին երկուքը ըսած են. մեզի այնպէս կը թուի թէ ոճիրը կատարելու պահուն ամբաստանեալը անպատասխանատու վիճակի մէջ է եղեր:
Դատարանը ուրեմն ինքը պիտի որոշէ: Ու ահա այստեղ անհրաժեշտ կը դառնայ` քննել ամբաստանեալին անձնաւորութիւնը, ինչպէս որ ան ինքզինքը ցուցուց դատավարութեան միջոցին, ու ես կը կարծեմ թէ ան հոս այնպիսի տպաւորութիւն մը գործեց, որ կարելի է ըսել թէ կը գտնուի մտաւոր կատարեալ բարձրութեան վրայ: Իր պատասխանները հատու են ու միշտ տեղին: Իր անձնաւորութիւնը պէտք է երեւան գայ նաեւ իր կեանքին ընթացքէն, որքան որ վերջինս մեզի յայտնի է: Ու այդ ընթացքը առանձին աչքի զարնող բան մը չի ներկայացներ: Ամբաստանեալը ապրեր է, ինչպէս ուրիշ երիտասարդներ: Ան ի վիճակի էր` չհոգալու իրեն համար անպայման գործ մը գտնելու մասին: Ան կ’այցելէր իր բարեկամներուն, իր հայրենակիցներուն, պարի ու լեզուի դասեր կ’առնէր. իր տանտիկինները կը նկարագրեն զինքը որպէս հանդարտ, պարկեշտ մարդ մը: Այսպէսով, մենք կը տեսնենք, որ` բռնկման վայրկեաններէ դուրս` ան եղած է մտաւորապէս կանոնաւոր վիճակի մէջ: Այդ պատճառով ես կը կարծեմ, պարոններ, որ մենք միանալու ենք այն իրազեկներուն, որոնք կը մերժեն 51դ յոդուածին գործադրութիւնը:
Պարոններ, ձեզ երեւի յայտնի է, որ արդարադատութեան ապագայ բարեփոխումներու պահուն նոր պատժական օրինագիրք մը պիտի ընդունուի, եւ որ անոր նախագիծը արդէն պատրաստ է: Այդ օրինագիրքը եւս կանխամտածուած սպանութեան համար մահապատիժ կը տնօրինէ. բայց ան կ’ընդունի մեղմացուցիչ պարագաներ, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն` մահապատիժը փոխարինել ուրիշ աւելի մեղմ պատիժով: Մեր հիմակուան օրէնքը` կանխամտածուած սպանութեան պարագային` չի ճանչնար մեղմացուցիչ պարագաներ, ու ես կրնամ հասկնալ, որ ոմանց խիստ պիտի թուի, եթէ ես ստիպուած ըլլամ պահանջել, որ ամբաստանեալը յանցաւոր նկատուի` կանխամտածուած սպանութիւն կատարած ըլլալուն համար:
Բայց պարոններ, պէտք չէ որ մենք միայն ամբաստանեալը աչքի առջեւ ունենանք. նկատի առնելու է նաեւ զոհը: Խորհելու


-144-


է, որ հոս կեանքէ խլուած է մարդ մը, որ կը գտնուէր լաւագոյն առնական տարիքին մէջ, որուն մահը կ’ողբան իր այրին ու իր մերձաւորները, եւ որը` առնուազն իր ազգակիցներուն ու կրօնակիցներուն քով` կը վայելէր մեծ հայրենասէրի մը ու պատուաւոր մարդու մը հռչակը:
Ու վերջապէս, պարոններ, այն պարագաները, որոնք այստեղ լայն չափերով ի նպաստ ամբաստանեալին կը խօսին, համաձայն մեր հիմակուան օրէնքին` ներում շնորհող հաստատութեան քով անշուշտ լիովին նկատի կ’առնուին:
Ուստի, պ.պ. երդուեալներ, կ’առաջարկեմ` ձեզի ներկայացուած հարցումներուն տալ դրական պատասխան` ամբաստանեալը` կանխամտածուած սպանութիւն կատարած ըլլալուն համար` յանցաւոր ճանաչելու իմաստով:

Նախագահ.- Կրնա՞մ խնդրել թարգմանէն` յայտնել ամբաստանեալին, որ պարոն դատախազը կ’առաջարկէ երդուեալներուն` զինքը յանցաւոր յայտարարել կանխամտածուած սպանութիւն կատարած ըլլալուն համար. (Կը թարգմանուի:)

_______________________________

Պաշտպան, իրաւական գաղտնի խորհրդական Դր. Ադոլֆ Ֆոն Գորդոն, Բերլին:

Պաշտպան Դր. Ֆոն Գորդոն.- Պ.պ. երդուեալներ, պարոն դատախազը յիշեց, որ եթէ դուք այստեղ ամբաստանեալ Թէհլիրեանը մինչեւ իսկ յանցաւոր յայտարարէք եւ այդպէսով հիմ տաք, որ ան մահուան դատապարտուի, այդ իսկ պարագային չարիքը մեծ չըլլար, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահը անտարակոյս իրեն ներում պիտի շնորհէ:
Ասիկա թոյլատրելի ձեւ մը չէ` հոս, այս վայրին մէջ, ձեր վրայ ազդելու: Եթէ դուք ամբաստանեալը յանցաւոր ճանչնաք, ան մահուան կը դատապարտուի ու ոչ ոք մենէ չի կրնար գիտնալ, թէ գերման պետութեան նախագահը` ներման խնդրին նկատմամբ` ի’նչ որոշում կու տայ: Այստեղ պէտք է իրաւունքը որոշուի եւ ոչ թէ ներման ճամբան ցոյց տրուի:
Ես ուրախ եղայ` յանձին մեծապատիւ պարոն աւագ դատախազին որոշ իմաստով պաշտօնակից մը, պաշտպան մը ողջունելու. սակայն պաշտպան մը ոչ թէ Թէհլիրեանի, այլ Թալէաթ


-145-


փաշայի, ու այն ալ դժբախտաբար միայն իրողութիւններու հիման վրայ, զորս զեկուցած ու պատմած են իրեն այլեւայլ անձեր: Պարոններ, ես չպիտի հետեւիմ իրեն այդ ուղղութեամբ, ես գիտակցաբար կը մերժեմ այդ: Հեռագիրներու ամբողջ զինարան մը ունիմ հոս, վկայ մը ունիմ, որ ահա հոն նստած է ու կ’ըսէ “այդ հեռագիրները վաւեր են, ե‘ս ձեռք բերած եմ զանոնք”: Ներկայ դատավարութեան պահուն ես արդէն կանգ առայ այդ ամէնին վրայ: Ես առաջարկ ըրի, զոր յետոյ նորէն ետ առի, որովհետեւ մեզ համար հոս կարեւորը այդ չէ. կը բաւէ որ Թէհլիրեանը, ինչպէս իր բոլոր ցեղակիցները, համոզուած էր, թէ Թալէաթն է ամբողջ սարսափներուն հեղինակը. եւ դուք ցոյց տուիք որ կը հաւատաք ատոր: Այդ կը բաւէ, ու եթէ դատավարութեան մէջ ատոր համար առարկայական պարագայ մը եւս կար, այդ ալ վկայութիւնն է այն փառաւոր մարդուն, Պալաքեան եպիսկոպոսին, որ ըսաւ: “Ես ու իմ պրոֆէսորս, որուն հետ մէկտեղ աքսորուեցայ, եղանք Չանղըրիի վալիին մօտ. մենք խնդրեցինք անկէ` բան մը ընել մեզի համար. ան ցուցուց մեզի հեռագիր մը, որով Թալէաթը կը հարցնէր.” Տարագրուածներէն քանի՞սը արդէն մեռած են եւ քանի՞սը ողջ: “Մենք ամենքս ալ հասկցանք, թէ ի’նչ կը նշանակէր այդ:” Ասիկա միակ պարագան է, որ մէջտեղ եկած է վկաներու հարցաքննութեան միջոցին Թալէաթի` սարսափներուն հեղինակը ըլլալուն մասին: Մնացած բոլոր վկայութիւններէն մենք հրաժարեցանք: Բաւական է այն պարզ ու անվիճելի իրողութիւնը, որ քանի մը ամսուան ընթացքին 1.800.000 հայերէ 1.400.000ը տեղահանուած են, եւ այդ վերջիններէն մէկ միլիոնը սպաննուած, ինչպէս նաեւ այն որ տարբեր վայրերէ այդ դժբախտներու կարաւանները նոյն կեդրոններն են քշուած` առանց որ ո եւ է տեղ անոնց ապահովութեան մասին հոգացուած ըլլար: Խնդրեմ դուք ինքնիդ խորհիք, հնարաւո՞ր է այդ` առանց սիսթէմաթիք ղեկավարութեան վերէն: Իրապէս թուրք կառավարութիւնը այնքան անզօ՞ր էր, որ ի վիճակի չըլլար այդ աղէտին դէմ միջոցներ ձեռք առնելու: Կը հաւատա՞ք ատոր: Այն ատէն ըսէք “այո”: Ես չեմ կրնար այդ ընել:
Երրորդ կարճ նախնական դիտողութիւն մը. քիչ մը կասկածանքով եւ մինչեւ իսկ մտահոգութեամբ պ. դատախազը անդրադարձաւ դէպքին յաջորդ օրը, մարտ 16ին ամբաստանեալին


-146-


կողմէ տրուած բացատրութիւններուն, որոնք կը վերաբերին այն վայրկեանին, երբ Թէհլիրեանը առաջին անգամ որոշած էր մահափորձը կատարել: Ամբաստանեալը իբր թէ որոշած ըլլար այդ անմիջապէս հայկական ջարդերէն ետք, տարիներ առաջ արդէն եւ այլն: Պարոններ, մենք պէտք չէ որ դառնանք այս խնդրական բացատրութիւններուն: Այստեղ ձեր առջեւ նստած է այն թարգմանը, որ հրաւիրուած էր ամբաստանեալին առաջին հարցաքննութեան համար, որ ոգեւորուած` յանձին այդ ամբաստանեալին կը տեսնէր մեծ մարդ մը, եւ որ` ինքն իսկ գրեթէ յափշտակուած` այն տեսակէտէն էր, թէ հոս մեծ բան մը տեղի ունեցած է: Ու դուք լսեցիք իրմէ, որ ինքը Թէհլիրեանը այն ատեն կը գտնուէր այնպիսի հոգեկան վիճակի մը մէջ, վիրաւոր, ջերմէ բռնուած, ուժաբեկ, գանակոծման, իր ահաւոր որոշման եւ անոր իրագործման ազդեցութեան տակ, կացութեան մը մէջ, ուր ան ամէն մէկ հարցումի “այո’” պիտի պատասխաներ. “այո’, միայն հանգիստ ձգեցէք զիս, ես գիտեմ, թէ ի’նչ ըրած եմ. եւ այն, ինչ որ ըրած եմ, լաւ է. այլեւս չեմ ուզեր, որ զիս հոս ձանձրացնէք:” Այս կ’ըսէ թարգմանը, որ այն ատեն հրաւիրուած էր թարգմանելու ամբաստանեալին խօսքերը: Թարգմանը այստեղ վճռականօրէն ըսաւ. “Եթէ դուք անոր հակառակ հարցումներ իսկ ուղղէիք, ան նորէն “այո’” պիտի պատասխանէր”: Ու երբ թարգմանը հարցաքննութեան արձանագրութիւնը պիտի ստորագրէր, ըսաւ. “Ես չեմ ստորագրեր, որովհետեւ արձանագրութիւնը կատարելապէս հարազատ ու հիմնաւոր չէ”:
Այսպէսով մենք կրնանք հաշուի առնել միայն այստեղ տրուած բանաւոր ցուցումները, ինչպէս որ պ. նախագահը հոս պատեհ առիթով նկատեց:
Թէհլիրեան ծնած է Բագառիճ գիւղին մէջ եւ չորս տարեկան հասակին եկած է Երզնկայ: Այս քաղաքը, խոշորագոյններէն մէկը, կը գտնուի 150-200 քիլօմէտր Կարինէն դէպի արեւմուտք, Եփրատի երկու ճիւղերէն մէկուն վրայ, որ կը հասնի գրեթէ մինչեւ Կարին: Հոս երկայն ու մեծ ձոր մը կայ, որ ճամբան է դէպի հարաւ, միջին Եփրատի ուղղութեամբ, դէպի այն անապատը, ուր յետոյ աքսորուեցան հայերը:
Չորս տարեկան էր Թէհլիրեանը, երբ Երզնկայ եկաւ: Հոն կ’ապրէին շուրջ 20.000 հայեր, քիչ մը աւելի, 25.000-


-147-


30.000, թուրքեր: Իր ծնողքը կը պատկանէին միջին դասակարգին: Իր հայրը միջակ կարգի վաճառական մըն էր, որու գործերը ընդհանրապէս բաւական յաջող էին: Ծնողքը պարկեշտ ճամբաներով քիչ մը դրամ խնայած էին: Խաղաղ ու բազմազաւակ ընտանիք մըն էր, որ պատերազմի հետեւանքով քիչ մը տուժած էր, բայց ամէն ինչ կարգ ու կանոնի մէջ էր, մինչեւ որ հասաւ 1915ի աղետալի յունիսը: Այդ միջոցին Պոլիսէն եկաւ գուժկան լուրը` թէ հայերը պիտի տեղահանուին. իսկ յետոյ եկաւ մունետիկը եւ ազդարարեց. “դուք պէտք է որ քանի մը օրուան մէջ կապէք ձեր այն իրերը, զորս կրնաք հետերնիդ առնել, որովհետեւ պիտի տեղահանուիք”: Տեղահանութիւնը սկսաւ յունիս 10ին: Նախ կարգը եկաւ հարուստներուն ու ունեւորներուն, որոնք ձի ու կառք ունէին. առաջին խումբն էր այս: Երկրորդ խումբին կը պատկանէր Թէհլիրեանը իր ամբողջ ընտանիքով: Թէ որքան մեծ էր այդ խումբը` Թէհլիրեանը ի վիճակի չէ ըսելու: Այս երկու խումբերուն հետեւեցան ուրիշ շատերը: Դուրսը, քաղաքին դուռներուն առջեւ, ասոնց միացան բազմաթիւ հայեր` գիւղերէ ժողվուած: Թէհլիրեանը չէր տեսներ կարաւանին ծայրերը. ան կը քալէր մէջտեղը, իր 15 տարեկան քրոջ քովը: Կարծեմ իր միւս 16 տարեկան քոյրն ալ հոն էր, ինչպէս նաեւ իր 26 տարեկան քոյրը փոքրիկ զաւակին հետ: Հոն էին ատկէ զատ իր երկու եղբայրները` 22 եւ 24 տարեկան, եւ վերջապէս իր հայրն ու մայրը` 55 եւ 50 տարեկան: Այսպէս կ’երթար ամբողջ ընտանիքը եզան սայլով մը իր ճամբան:
Անոնք տակաւին հեռու չէին գացած, երբ յարձակման ենթարկուեցան: Որո՞ւ կողմէն: Ժանդարմներու կողմէն,- որոնց այն ատենի նկարագիրը մեզի այստեղ պարզեց նորին վսեմութիւնը զօրավար Լիման Ֆոն Զանդէրս,- ինչպէս նաեւ ասկէ անկէ հաւաքուած խուժանի` քուրդերու, թուրքերու եւ ուրիշներու կողմէն: Ասոնք սկսան անով որ նախ եւ առաջ պահանջեցին հայերու զենքերը. առին անոնցմէ մինչեւ իսկ հովանոցները, ապա սկսան դրամ, ոսկի, ուտելիք փնտրել, իսկ կիներէն առին ամենէն թանկագինը` իրենց անասնական կիրքերուն յագուրդ տալու համար: Դեռատի աղջիկները, ի թիւս որոնց ամբաստանեալին 15-16 տարեկան քոյրերը, քարշ տուին թուփերու մէջ, եւ փոսի մը մէջէն ծնողներու եւ եղբօր ականջին հասան այս երկու


-148-


երախաներուն աղեկտուր ճիչերը, եւ ասկէ անոնք հասկցան իրենց հարազատներուն գլխուն եկածը: Աղջիկները այլեւս երեւան չեկան: Իր քոյրերէն մէկուն դիակը ամբաստանեալը կրցաւ տակաւին տեսնել, երբ արթնցաւ իր ուշաթափութենէն: Իսկ եղբա՞յրը: Քսաներկու տարեկան եղբօր գլուխը - եւ այս ամենասոսկալի տպաւորութիւնն էր – շողշողուն կացինով մը ճեղքուած էր. եւ մինչեւ օրս տակաւին կը տեսնէ ամբաստանեալը իր յուզման պահուն այս ահաւոր պատկերը: Իր աչքին առջեւ մայրը գետին ինկաւ, հաւանօրէն գնդակէ մը զարնուած: Մնացածները անհետացան ընդմիշտ, չնայելով որ ամբաստանեալը յետագային յաճախ փորձած էր ծանուցումներու միջոցով անոնց հետքը գտնել:
Ասկէ զատ ան ուրիշ բան չտեսաւ, որովհետեւ ինքն ալ բութ գործիքի մը հարուած ստացաւ իր գլխուն ետեւի կողմը: Վէրքը այսօր իսկ տակաւին կը հաստատուի բժիշկներուն կողմէ: Այս սարսափելի հարուածը միակ բանն է որ ան դեռ կը յիշէ: Ապա ան անզգայ գետին գլորեցաւ. ու երբ, բաւական ատեն անցած, իրիկուան դեմ ուշքի եկաւ, շրջապատուած հազարաւոր դիակներով, գտաւ իր վրան երկու վէրք եւս - գնդակի վէրք մը թեւին եւ սուր զէնքի վէրք մը ծունկին վրայ: Այդ վէրքերուն հետքերն ալ տակաւին գոյութիւն ունին: Կիսախաւարի մէջ ան կրցավ իր ուր ըլլալը ճշդել, փորձեց անգամ իր հարազատներէն մէկուն կամ միւսին դիակը գտնել: Ջարդէ ողջ մնացած ուրիշ ոչ մէկը կար իր շուրջը. ու ան, ճիգ ընելով, ոտքի ելավ ու փախուստի մէջ ուզեց փնտրել իր փրկութիւնը: Ան դիմեց դէպի լեռները, որոնք իրեն քաջ ծանօթ էին: Պարկեշտ պառավ քրդուհի մը ապաստան տուաւ իրեն, մինչեւ որ վէրքերը բուժուեցան: Ապա ան շարեւնակեց իր ճամբան ու վերջ ի վերջոյ, գրեթէ ամիս մը տեւող թափառումներէ ետք, հասավ ռուսական հողը: Հոն ան սկիզբը ձերբակալուեցաւ, սակայն շուտով ազատ արձակուեցաւ: Ան ասպանջակութիւն գտաւ ռուսահայերու շրջանին մէջ. անոնք միջոց տուին իրեն Պարսկաստան անցնելու, ուր` պաշտօն ստանձնելով վաճառականական գործի մը մէջ`կարողացավ իր ապրուստը հոգալ:
Պարոններ, այս սոսկալի ջարդը այն աստիճան անհավատալի է, որ մենք սկիզբը կը տարակուսէինք մինչեւ իսկ`թէ ով գիտէ` կը հաւատա՞ն արդեօք պ. պ. երդուեալները ամբաստանեալին


-149-


պատմածին: Եւ իրապէս, քանի մը օր առաջ հոս լոյս տեսաւ հակառակորդներուն կողմէ հրատարակուած եւ փողոցի ճաշակին յարմար աղմկայոյզ գրքոյկ մը` ”Թալէաթ փաշայի սպանութեան գաղտնիքը” խորագրով – հարկաւ, այստեղ բնաւ գաղտնիք չկայ, որուհետեւ խնդիրը արդէն բոլորովին պարզ է, եւ այդ ամէնը միայն պարապ խօսքեր են: “Երիտասարդ հայը, կ’ըսուի հոն, որ Թալէաթ փաշան սպաննելը յանձն առած էր” (կ’ակնարկուի թէ դէպքին ետեւը մեծ պետութիւն մը կանգնած է), “գործիք մը եղած է բարբարոսական մոլեգնութեան, որ կը յատկանշէ իր ցեղը, առանց ինքն իրեն հաշիւ տալու եւ առանց գիտակցելու, թէ ի’նչ կ’ընէր: Իր յուզիչ պատմութիւնը` թէ ինչպէ’ս թուրքերը քարշ տուին տարին իր ծնողքը, բնականաբար նպատակ ունի միայն արթնցնել դատաւորներու համակրանքը”: Եթե գրքոյկին հեղինակը երէկ այս սրահեն մէջ էր եւ լսեց վկայ տիկին Թէրզիպաշեանի զեկոյցը, անշուշտ հեռացաւ ասկէ` տանելով իրեն հետ իր վերոյիշեալ խօսքերը ետ առնելու պահանջը:
Մենք կ’ուզէինք այդ ուղղութեամբ աւելի ընդարձակ ապացոյցներ բերել. այստեղ են երկու գերման գթութեան քոյրեր, որ ճիշդ նոյն միջոցին Երզնկայ էին եւ տեղի ունեցած դէպքերու մասին զեկոյցներ ըրած էին մեր արտաքին գործոց նախարարութեան: Ես հրաժարեցայ այդ վկաները հարցաքննելէ, որովհետեւ ինծի կը բաւէր, որ երեք շաբաթ ետքը տիկին Թէրզիպաշեան, Կարինէն` ըսել է արեւլքէն` գալով եւ Երզնկայէն նոյնպէս մեծ կարաւանի մը հետ Քէմախի ձորով տարուած էր: Թէ ինչ զարհուրելի դէպքերու մասին ան պատմեց մեզի, ես չէի ուզեր այստեղ ոչ մէկ խօսքով կրկնել: Ան տակաւին տեսած էր իրմէ առաջ կարաւաններով տարուած հայերու դիակները. ան տեսած է, թէ ինչպէս այրեր ու երեխաներ գետը կը նետուէին: Այս ամէնը միեւնոյն ատեն ցայտուն ապացոյց մըն է Թէհլիրեանի ըսածներուն ճշդութեան. ու այս է պատճառը որ ես կը յիշեմ այդ: Թէհլիրեանի ըսածը ճշմարտութիւնը ի’նքն է եւ ոչ “յուզիչ պատմութիւն” մը:
1917ին տեղի ունեցավ ռուսներու յառաջխաղացութիւնը: Գրաւելով Կարինը, անոնք յառաջացան մինչեւ Երզնկայ: Ամբաստանեալը, որ Պարսկաստանի մէջ պաշտօն կը վարէր, լսելով այդ մասին, որոշեց վերադառնալ Երզնկայ տեսնելու համար` թէ իր


-150-


հարազատներէն ո եւ է մէկը ողջ չէ՞ եւ թէ ինչպէ’ս է առհասարակ հոն դրութիւնը: Ան եկաւ հոն, տեսաւ իր հայրենի տունը կիսաւեր. բայց նորէն այնքան բան կար մնացած, որ յիշեցնէր իրեն իր բոլոր սիրելիներուն մասին, որոնց հետ ան հոն ապրած ու իր մանկութիւնը անցուցած էր. այնքան բան կար մնացած, որպէսզի ան կարողանար վերստին ճանչնալ իր երբեմն այնքան քաղցր ու անդորր օճախը: Ու երբ ան տեսաւ իր որբացած ու ամայացած տունը, եւ իր յիշողութեան մէջ արթնցան ջարդին բոլոր ահաւոր պատկերները, ան, կատարելապէս ողջ ու առողջ ընտանիքէ մը սերած այդ մարդը, մարեցաւ ու գետին ինկաւ: Ու այդտեղ առաջին անգամը ըլլալով տեղի ունեցաւ մէկը այն հիւանդագին բռնկումներէն, որոնք յետագային յաճախ կը կրկնուէին, այսինքն` դիակներու հոտ, որ ամբողջովին կը լեցնէր իր քիթն ու քիմքը, ջարդերու մտապատկերներ, ու յետոյ որոշ հոգեկան շփոթութիւն, ջղաձգային կթոտութիւն խոր թալկացման հետ մէկտեղ:
Եւ ի՞նչ տեսաւ ան Երզնկայի մեջ. 20.000 հայերէ` երեք ընտանիք, որոնք փրկուած էին` միայն մահմետականութիւն ընդունելով, ու յետոյ քանի մը ցիրուցան եղած անհատներ, ամէնքը միասին 20 հոգի քսան հազարէ: Պարոններ, ասոնք տպաւորութիւններ են, զորս մարդ իր կեանքին ամբողջ ընթացքին չի մոռնար: Ապա ան մտաբերեց, որ իր ծնողքը չարքաշութեամբ ձեռք բերած իրենց դրամը թաղած էին: Ան սկսավ փնտրել իրենց նախկին ունեցածը. շատ բան պակաս էր, տնային ամբողջ արժէքաւոր կահ - կարասին անհետացած էր: Բայց հոգածութեամբ թաղուած դրամը, 4.000 ոսկիէ աւելի գումար մը, տակաւին մնացած էր: Այդ դրամը ան վերցուց` իր եւ իր ընտանիքին համար, եթէ վերջինիս անդամներէն ո եւ է մէկը գտնուէր, ու պահ տուաւ Սերբիոյ մէջ իր մէկ ազգականին, զոր մենք նոյնպէս իբրեւ վկայ հրաւիրած էինք` Թէհլիրեանի ընտանեկան պարագաները ճշդելու համար, զոր սակայն հարցաքննելու պէտքը մենք այլեւս չունինք: Այնուհետեւ Թէհլիրեանը ամիս մը Երզնկայ մնալէ ետք` անցաւ Թիֆլիս այն ատեն, երբ ռուսները նորէն ետ քաշուեցան: Հոն ան վերստին նուիրուեցաւ վաճառականական գործերու, ու հոն էր որ 1918ին գնեց ատրճանակը: Ան եկած էր Երզնկայ, ինչպէս ըսի, 1917ին, ըսել է` կոտորածէն երկու տարի ետք: Թէհլիրեանը մնաց Թիֆլիս մինչեւ 1919ը: Նոյն թուին, երբ


-151-


պայմանները Թուրքիոյ մէջ փոխուած էին, ան կ’երթայ Սելանիկ, անկէ Սերբիա` ոչ թէ հաճոյքի կամ իր ազգականները տեսնելու, այլ իրեն համար պատշաճ գործ մը գտնելու նպատակով: Յետոյ նորէն Սելանիկ կը վերադառնայ եւ 1920ի սկիզբները կ’անցնի Պարիս` սորվելու համար ֆրանսերէնը, որ Թուրքիոյ մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն ունի: Հոն ան 10 ամիս աշխատեցաւ ամենայն ջանասիրութեամբ: Ան ազատ կը կարդայ ֆրանսական թերթեր, կը խօսի ֆրանսերէն այնքան, որքան որ մարդ կրնայ սորվիլ այդ կարճ ատենին մէջ: Ապա ան կ’ըսէ ինքն իրեն. “Այս թափառական կեանքը կամ պատահականօրէն վաճառականութեամբ զբաղիլը ինծի գոհացում տուող բան մը չէ. աւելի լաւ է մեքենագործութիւն սորվիմ, որպէսզի ապագային կարենամ գործել Հայաստանի մէջ` որպէս պիտանի մարդ: Ամէնէն յարմարը ատոր համար Բերլին է ”: Այսպէսով ան Պարիսէն ուղիղ Բերլին երթալ կ’ուզէ: Սակայն իրեն կ’ըսեն, որ շատ դժուար է Պարիսէն Բերլին մտնելու թոյլտւութիւն ստանալ: Ծեր հայ մը, որուն ան կը հանդիպի, կ’ըսէ իրեն. “Ամէնէն դիւրին կերպով այդ գործը կարելի է կարգադրել Ժընէվէն: Հոն ես տակաւին բնակարան մը ունիմ. ես պիտի Հայաստան վերադառնամ, այնպէս որ դուն կրնաս ստանձնել իմ բնակարանս եւ` իբրեւ Ժընէվի բնակիչ` ձեռք բերել գերման հիւպատոսարանէն Գերմանիա մտնելու թոյլտւութիւնը”: Ասոր վրայ Թէհլիրեան Ժընէվ կ’երթայ եւ իրապէս կ’ըստանայ այդ թոյլտւութիւնը, սակայն միայն ութ օր Գերմանիա մնալու իրավունքով: Ան կու գայ Բերլին, ուր Գերմանիոյ մէջ մնալու իրավունքը, ինչպէս որ իրեն ըսած էին Ժընէվ, կ’երկարաձգուի: Ան ունէր իր քովը Բերլինի հայկական հիւպատոսարանի, ինչպէս նաեւ ուրիշ հասցէներ: Իրեն կը յանձնարարուի “Թիրգարտէն” հիւրանոցը, ուր ան կ’ապրի քանի մը շաբաթ: Ապա կ’այցելէ իր հայրենակից Էֆթեանին, որու հետ ծանօթացած էր տակաւին Պարիս եղած ատենը, եւ որը ներկայ է հոս իբրեւ վկայ: Էֆթեանի մօտ ան կը տեսնէ անոր քոյրը` տիկին Թէրզիպաշեանը եւ ծխախոտավաճառ պարոն Թէրզիպաշեանը: Ասոնք Թէհլիրեանի համար սենեակ կը փնտրեն եւ կը ծանօթացնեն զինքը Աբէլեանի հետ, որ կ’ապրի Աուգսբուրգէր փողոցը: Աբէլեանը ուրախ կ’ըլլայ, որ իր ապրած բնակարանին մէջ հայրենակից մը եւս սենեակ կը վարձէ. ու որովհետեւ Թէհ-


-152-


լիրեան գերմաներէն չէր գիտեր, Աբէլեան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ամէն կերպ օգնելու իրեն: Աբէլեանի տանտիրուհին տիկին Շտէլլբաում սենեակ մը վարձու կու տայ Թէհլիրեանին մինչեւ մայիս: Թէհլիրեան կը փոխադրուի հոն ու կ’ապրի այսպէս, ինչպէս ամէն մէկ երիտասարդ. ան գլխաւորաբար կ’աշխատի գերմաներէն սորվիլ եւ հետզհետէ կը ծանօթանայ այս կամ այն հայուն հետ: Ան քիչ մը մտազբաղ ու թախծոտ է, ուստի իր բարեկամները կը ջանան քիչ մը զուարճացնել զինքը եւ միեւնոյն ատեն պատեհ առիթ տալ` գերմաներէն սորվելու. ու երեքը միասին կը սկսին պարի դասեր առնել: Թէհլիրեան չէր ձգտեր կիներու հետ ծանօթանալ, ընդհակառակը, դուք արդէն իմացաք, թէ ինչպէ’ս ան ազնուօրէն պարզ ու միամիտ ձեւով կը խօսէր կիներու հետ, ըստ երեւոյթին քիչ մը զարկ տալու համար իր գերմաներէնին, եւ թէ ինչպէ’ս հոն ալ որոշ երկչոտութիւն կը ցուցնէր: Ասկէ դուրս, իր պարապ ժամերուն ան կը զբաղէր երաժշտութեամբ. ան կը նուագէ մանդոլին, կ’երգէ դժբախտ հայ ժոխովուրդին յատուկ թախծալի երգեր: Մէկ խօսքով, հետք մըն ալ չի տեսնուիր, թէ ան ուրիշ նպատակ մը կը հետապնդէ, քան սորվիլ գերմաներէն` բարձրագոյն դպրոցի դասընթացքին կարենալ հետեւելու համար: Իր ուսուցչուհին այստեղ արդէն հարցաքննուած է: Իր ըսելով` ամբաստանեալը արտաքոյ կարգի ջանասէր ու քիչ մը երկչոտ երիտասարդ մըն է: Վերջին ատենները սակայն ան սկսաւ հետզհետէ տեղի տալ ու այլեւս ի վիճակի չէր ինքզինքը ժողվելու: Ան դիմած էր հոգեկան հիւանդութիւններու մասնագէտ Պրոֆ. Կասիրէրին, որովհետեւ իր վերնոտութեան բռնկումները նորէն սկսած էին կրկնուիլ: Պրոֆէսորը իրեն դեղ մը տուած էր, որ իր մտաւոր կարողութեանց վրայ տեսակ մը ընդարմացնող ազդեցութիւն կ’ընէր: Այնուամենայնիւ ան կը շարունակէր իր դասերը մինչեւ փետրուար 26ը, իսկ յետոյ մինակ կը կատարէր իր աշխատանքը, ամէն առաւօտ գերմաներէն դասագիրքէ մը սորվելով իր դասերը: Կարճ, ան հետեւողաբար կը ձգտէր իր նպատակին` ստանալու հոս իր բարձրագոյն ուսումը:
Հետաքրքրական է որ ան` ինչպէս կը յայտնեն բոլոր վկաները` իր սոսկալի ապրումներուն նկատմամբ խիստ վերապահ, խիստ սակաւախօս էր: Ով որ անսահմանօրէն խոր ապրում մը


-153-


ունեցած է, ընդհանրապէս հաճոյքով չի խօսիր նման բաներու մասին. ու ներկայ պարագային մեր աչքին առջեւն է այն իրողութիւնը, որ Թէհլիրեան այդ խնդիրներու մասին առհասարակ գրեթէ չէր խօսեր Աբէլեանի, Թէրզիպաշեանի հետ: Թեթեւօրեն կը յիշատակէր զանոնք այն ատեն միայն, երբ այդ բացարձակապէս անհրաժեշտ ըլլար, ինչպէս, օրինակի համար, Պրոֆ. Կասիրէրի մօտ: Անգամ մըն ալ խօսեր է իր ուսուցչուհիին. դասի ատեն, երբ կտոր մը թարգմանելու միջոցին հանդիպեր են ”ծննդավայր” բառին, ան ըսեր է. “Ես այլեւս ծննդավայր չունիմ. իմ մերձավորներս ամէնքն ալ կոտորուած են”: Մեծ մասով սակայն ան կը խօսէր իր միակ ընկերակցուհիին հետ, զոր լիովին կը հասկնար. տիկին Թէրզիպաշեանն էր այդ, որ նոյն սարսափները ապրած էր:
Այսպէսով, դուք կը տեսնէք ամէնուրեք որոշ զսպուածութիւն: Տեսնելով անգամ մը Դր. Լէպսիուսի գիրքը միեւնոյն բնակարանին մէջ ապրող Աբէլեանի ձեռքը, ան կը խլէ զայն ու կը գոչէ. “Հանգիստ ձգէ հին վէրքերը. դո’ւրս երթանք”:
Դուք, պարոններ, այստեղ այն մարդը չէք տեսներ, որ անընդհատ կառչած է այդ բաներուն, այլ այն, որ ընդհակառակը խոյս կու տայ անոնցմէ, ջանալով կարելի եղածին չափ քիչ խօսիլ, ու սակայն ներքուստ բնականաբար կրկնակի կը յուզուի:
Նոյն ատենները կը պատահի դէպք մը, որ արդէն ինքնին ընդունակ էր շանթի նման մխուելու այդ անդորր աշխատանքի մթնոլորտին մէջ: Այդ` հանդիպումն էր թուրքերէն խօսող երեք պարոններու հետ Հարդէնբէրգ փողոցը. անոնցմէ երկուքը իրենց մէջտեղը գացող անձնաւորութեանը ”փաշա” կըսէին: Թէհլիրեան իր ուշադրութիւնը դարձուց անոր վրայ, դիտեց մարդը աւելի մօտէն, համեմատեց զինքը իր տեսած լուսանկարին հետ ու եկաւ հաստատ համոզումի մը. ակներեւ Թալէաթ փաշան է այդ: Ան տեսաւ, որ երկու պարոններէն մէկը Թալէաթ փաշայի հետ մտաւ նոյն փողոցի թիւ 4 տունը, իսկ միւսը ակնածանքով հրաժեշտ տուաւ ու հեռացաւ: Ու Թէհլիրեան եկաւ այն համոզումին, թէ Թալէաթ փաշան հոն կը բնակի: Ասիկա ներկայ տարուան յունուարի կէսին էր: Հետաքրքրական է որ այդ դէպքին մասին Թէհլիրեան ոչ ոքի բան մը չյայտնեց. ան չէր ուզեր յուզուիլ, ան պահանջ չուներ խօսելու այդ բաներու մասին: Այս հանդի-


-154-


պումը իր մէջն իսկ յառաջ չբերաւ Թալէաթը սպաննելու որոշումը. ատոր համար ան բան մըն ալ չըրաւ: Ապրումը անցած էր հին դէպքերը նորէն հանգչեցան իր ներսը, եւ վրիժառութեան գաղափարը երեւան չեկաւ: Ան շարունակեց ապրիլ առաջուան պէս, մինչեւ որ այդ դէպքէն 5-6 շաբաթ ետքը տեսաւ երազ մը, մարմնապէս գրեթէ տեսլային երեւոյթ մը, թէ ինչպէ’ս հոն դրուած է իր մօր դիակը, ինչպէս մայրը բարձրացաւ, ու որդին ըսաւ անոր. ”Ես տեսայ Թալէաթը”: Ու մայրը պատասխանեց. “Դուն տեսար Թալէաթը ու չառիր անկէ քու մօր, քու հօր, եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ վրէժը: Դուն այլեւս իմ որդին չես”:
Ասիկա այն վայրկեանն է, ուր ան զգացումը ունեցաւ.”Այստեղ ես պէտք է գործեմ. ես կ’ուզեմ նորէն իմ մօրս որդին ըլլալ. ան չպիտի զիս մորժէ, երբ ես երկինք իր քովը երթամ. ես կ’ ուզեմ նորէն իր ծոցը գրաւել”: Այսպէս այդ երազը անցաւ արթնութեան, ինչպէս որ բժիշկները արտայայտեցին:
Յայտնի է, որ աժխոյժ արեւելցիներուն համար նման երեւոյթները բոլորովին տարբեր դեր կը խաղան, քան արեւմուտցիներուս համար, որոնք այդ բաները փիլիսոփայական եւ բժշկական աչքերով եր դիտեն: Յիշեցեք Սուրբ Գրքին պատմութիւնը, ուր ամէն առիթով կըսուի. “Ու երեւցաւ անոր հրեշտակը երազի մէջ”: Նման երեւոյթ մը, նման մարմնաւոր երեւոյթ մըն էր նաեւ այն, որ վճռական ազդեցութիւն ունեցավ Թէհլիրեանի վրայ : Ապա յաջորդ առտուն իսկ ան գործի կը սկսի, առանց իր հայրենակից Աբէլեանին մինչեւ անգամ խօսք մը ըսելու, կը գտնէ հայ ուսանողական միութեան նախագահը, որ լաւ գերմաներէն գիտէ, անոր օգնութեամբ կ’երթայ Հարդէնբէրգ փողոց, որպէս զի այժմ բոլորուին գիտակցօրէն - եւ ոչ` ինչպէս պ. դատախազը պատկերաւոր կերպով ըսաւ` ”մագնիսէ մը հոն քաշուելով”,- իրեն համար բնակարան մը վարձէ, ուրկէ կարենար հսկել Թալէաթին: Այդպիսի բնակարան մը ան կը գտնէ Հարդէնբէրգ փողոցը, թիւ 37, առաջին յարկին մէջ:
Ասոր կու գայ միանալու այն, որ` նկատի ունենալով իր հիվանդութիւնը, իրեն պիտք էր լոյս ու արեւոտ սենեակ մը, որ` ատկէ զատ` ունենար ոչ թէ գազ այլ ելեկտրականութիւն: Որովհետեւ այդ ամէնը կարելի էր գտնել Հարդէնբէրգ փողոցի յիշուած տանը մէջ, ուստի ան երազէն օր մը ետքը, մարտ 3ին,


-155-


կը վարձէ բնակարանը: Բայց վերջինս տակաւին ազատ չէր, այնպէս որ ան կրնայ փոխադրուիլ հոն միայն շաբաթ օրը մարտ 5ին. իսկ մինչ այդ երկու- երեք օր ստիպուած կ’ըլլայ մնալու հին բնակարանին մէջ: Այսպէս, նոր բնակարանը վարձելէ ետք, ան կու գայ Աբէլեանի մօտ ու կըսէ. “լսէ, շաբաթ օրը պիտի փքխադրուիմ նոր բնակարանս”: Ան կը զոհէ բնակարանին մէկ ամսուան վարձը, որ վճարած էր նախկին բնակարանին համար: Ան կ’ընէ այդ զոհաբերութիւնը` նոր բնակարանը ստանալու համար: Ան կը խորհի. “Ես որոշած եմ սպաննել Թալէաթը, ուստի պէտք է մօտ ըլլամ անոր”: Այդ վայրկեանին ան կ’ուզէր սպաննել Թալէաթը:
Բայց այստեղ ես էապէս կը տարբերիմ պ. աւագ դատախազէն հետեւեալին միջ. -Դուք լսեցիք որ պ. նախագահը`ամբաստանեալին մէկ արտայայտութեանը վրայ` անոր երկու անգամ միեւնոյն հարցումը ուղղեց, որովհետեւ ամբաստանեալը առաջին անգամ չհասկցաւ: Թէհլիրեանը պատասխանեց, որ երբ ինքը արդէն նոր բնակարանն էր, միտք մը ծագեցաւ իրեն մէջ թէ` չէ՞ որ ինքը քրիստոնեայ է - հնագոյն քրիստոնէութիւն մը հայերու սեփականութիւնն է, - ու չէ՞ որ գոյութիւն ունի պատուիրան մը` մի սպաններ: Ու ահա իր անձին անդրադարձած, ոեւէ բռնութիւն գործելու բոլորովին անտրամադիր այդ պատանիին մէջ կ’անհետանայ քիչ ատեն առաջ ընդունուած որոշումը: Ապա կը սկսի այն տատանումը, զոր ինքը այնպէս յատկանշօրէն կը պատկերացնէ. “Երբ ինքզինքս գէշ կը զգայի, ու նորէն կու գային այն սարսափելի մտապատկերները, այդ պահուն կը վճռէի սպաննել Թալէաթը. բայց երբ նորէն կ’առողջանայի եւ տէր կը դառնայի իմ զգացումներուս, այն ատեն ինձ համար պարզ կըլլար, որ պէտք չէ սպաննեմ զինքը”: Անհաւատալի չեն ամբաստանեալին այս բացատրութիւնները այդ ըսին բոլոր բժիշկները. “այս մարդէն կարելի չէ բան մը դուրս քաշել”. ու նոյնը կրնանք ըսել ձեզ մենք` երեք պաշտպաններս, այն, ինչ որ ամբաստանեալը չի կրնար ըսել մաքուր խիղճով, չըսեր: Խիստ դժուար է թափանցել իր հոգեկանին մէջ, մանաւանդ այն ատեն, երբ խնդիրը կը դառնայ այն բաներու շուրջը, որոնք կրնային ի նպաստ իրեն խօսիլ: Ուստի պէտք է հաւատք ընծայէք այն ամէնին, ինչ որ ան կըսէ:
Սակայն արտաքին պարագաներն ալ կը խօսին յօգուտ այն բանին, որ Թէհլիրեանը, նոր բնակարանը փոխադրուելէ ետք,


-156-


այլեւս չէր հետեւեր իր առջուան գաղափարին` սպանութիւն գործելու նկատմամբ: Այդ ամբողջ ատենը ան ոչինչ ըրած չէ նոյն ուղղութեամբ: Օրինակի համար, ան երբէք չհարցուց դռնապանին` թէ Թալէաթը ո’ր ատենները տունէն կ’ելլէ. չհարցուց մինչեւ անգամ, թէ Թալէաթը իրապէս հո’ն կը բնակի: Կարճ, ան կը շարունակէր ապրիլ ու աշխատիլ սովորական եղանակով – կը վարժուէր գերմաներէնի մէջ, կը նուագէր. որովհետեւ Պրոֆ. Կասիրէրի տուած դեղերէն ինքզինքը թոյլ զգալով` ընդհատած էր իր դասերը ուսուցչուհիին մօտ, այժմ հեռաձայնով կը յայտնէ վերջինիս, թէ կը յուսայ քանի մը օրէն կարենալ վերսկսելու զանոնք: Այն առաջին տաս օրուան ընթացքին կարելի չէ նկատել իրեն կողմէն ո եւ է պատրաստութիւն ընդդէմ Թալէաթի:
Ու ահա կու գայ մեծ օրը – մարտ 15ը: Իր տանտիրուհին ցուցուց, թէ նոյն առտուն ան խմեց իր թէյը` գործածելով քիչ մը աւելի կոնեակ, քան սովորաբար: Կոնեակը գնուած էր մէկ օր առաջ, այնպէս որ` զայն գործածելու նկատմամբ` պէտք է հաշուի առնել նաեւ այդ մէկ անցած օրը: Սպասուհին վերջը բերաւ շիշը, որմէ խմուած էր մէկ քառորդը կամ մէկ երրորդը, եւ ոչ մէկ երրորդ լիթր: Այս է իրողութիւնը, որ վերջ ի վերջոյ պարզուեցաւ: Իրազեկ Շտէօրմէրի այստեղ արտայայտած այն գաղափարը` թէ ամբաստանեալը խմելով ուզեր է ինքն իրենը քաջութիւն ներշնչել, կատարեալ մոլորութիւն մըն է: Ան կը խմէր կոնեակը թէյի հետ, որովհետեւ ստամոքսի անհանգստութիւն կը զգար: Իսկ կոնեակը կը լեցնէր պզտիկ գաւաթի մը մէջ` գիտնալու համար այն քանակը, զոր պիտի խառնէր թէյին. ան կը հետեւեր իր առողջութեան: Այն տեսակէտը, թէ նոյն առտուն ժամը 9ին ան կոնեակի միջոցով կ’ուզէր ինքնիրենը քաջութիւն ներշնչել, ոչ մէկ քննադատութեան կը դիմանայ: Իրապէս, ինչպէ՞ս կրնար ան գիտնալ, թէ հէնց այդ օրը Թալէաթը պիտի երեւնայ պատշգամին վրայ ու յետոյ փողոց պիտի ելլէ, երբ 10 օր հանդիպած չէր իրեն: Ինչպէ՞ս կրնար ան նախատեսնել այդ: Այստեղ կարելի չէ ճշդել ո եւ է կապակցութիւն: Ու ահա ժամը 11ին ան կը տեսնէ Թալէաթը պատշգամին վրայ` արեւի մէջ կեցած: Ինքն ալ բացաւ պատուհանը: Ան կ’երթայ ու կու գայ սենեակին մէջ, կը կարդայ ու կը թարգմանէ իր գերմաներէն դասագիրքէն: Այդ վայրկեանին անշուշտ արիւնը կը զարնէր իր գլուխը, երբ կը տես-


-157-


նէր հոն, պատշգամին վրայ, երեւութապէս երջանիկ մը, որ հեշտանքով արեւին ճառագայթները կը վայելէր: Բայց այս վայրկեանին եւս ան տակավին չընդունեց Թալէաթ փաշան սպաննելու որոշումը: Թալեաթը պատշգամէն նորէն սենեակ կը մտնէ, ու խնդիրը այն օրուան համար, ըստ երեւոյթին, այդքանով ալ լմնցած էր: Բայց ահա քառորդ ժամ մը ետքը Թալէաթը յանկարծ տունէն կ’ելլէ: Թէհլիրեանը կանգնած է պատուհանին առջեւ ու կը տեսնէ այդ: Ու ահա կը խուժեն անոր վրայ ջարդերու յիշողութիւնները, ան կը մտաբերէ իր ծնողքը, կը վազէ դեպի պայուսակը, կը հանէ ատրճանակը, կը նետէ վրան վերարկուն, կը դնէ գլխարկը, դուրս կը թռչի փողոց, կը նետուի դէպի Թալէաթը ու կը կրակէ: Թէ ինչպէ’ս է տեղի ունեցեր այդ, առջեւէն թէ ետուէն է կրակեր - ատիկա զիս չի հետաքրքրեր: Այդ ամէնը, պարոններ, դատախազի տեսակէտով կանխաւ մտածուած է եղեր: Ես անձնապէս կը խորհիմ, թէ այդ վայրկոանին զգացումներու ամբողջ փոթորիկ մըն է անցէր այդ մարդու մէջէն:
Յետոյ ան չի նետեր, ինչպէս պ. դատախազը կ’ըսէ, իր ատրճանակը` նման այն մարդուն, որ կ’ուզէ հեռացնել իրմէ ամէն կասկած, այլ կը թողու որ ատրճանակը վար իյնայ իր ձեռքէն` նման այն մարդուն, որ կ’ըսէ. “Այժմ ես կատարեցի իմ պարտքս”: Ան, բնականաբար, կը փախչի` ազատելու համար անցորդներէն, բայց իսկոյն կը բռնուի: Դէպքէն հինգ երկվայրկեան ետքը անկ’ ըսէ. “Գերմանացիները հոս գործ չունին. ան օտար, ես օտար”: Ան կը կրկնէ ասիկա: Ես բնաւ տրամադիր չեմ այս ամբողջ անցուդարձին մէջ խորհրդածուած բան մը փնտրելու:
Պարոններ, այս է դէպքը, այս է դէպքին նախապատրաստութիւնը, այս է մարդը. ու ես, իմ կարգիս, նոյնպէս կու գամ իրաւաբանօրէն պատասխանելու այն հարցին թէ ` ինչպէ’ս պէտք է դատել արարքը:
Ես կ’ուզեմ առայժմ մէկդի դնել գլխաւոր հարցը` պատասխանատո՞ւ թէ ոչ: Ապա ես բնականաբար հարցնելու եմ, քանի որ սպաննելու դիտաւորութիւնը կատարելապէս պարզ է` արդեօք դէպքը խորհրդածութեա՞մբ է տեղի ունեցեր:
Պարոններ, բան մը այստեղ պ. դատախազը պէտք եղածին չափ պարզ կերպով չշեշտեց: Չըսուիր, ինչպէս պ. դատախազը հոս անգամ մը համառօտակի յիշեց` “Ով որ դիտաւորեալ


-158-


կերպով կը սպաննէ…”, այլ այսպէս է օրէնքին տրամադրութիւնը. ”Եթէ մարդասպանը կատարած է սպանութիւնը խորհրդածութեամբ”: Ու ահա պետութեան բարձրագոյն ատեանը – պ. նախագահը անշուշտ այդ պիտի ըսէ ձեզի վերջին պահուն իր խրատումներուն մէջ – իր որոշումներու 8դ հատորին մէջ շատ ազդու կերպով կը մատնանշէ, թէ այս խնդրին նկատմամբ գիտակից տարբերութիւն մը կայ մեր այսօրուան պատժական օրինագրքին եւ նախկին պրուսականին միջեւ, որմէ ծագած է առաջինը, ուր խօսք կ’ըլլար` թէ ոճիր մը գործելու որոշումը արդեօք խորհրդածութեա՞մբ տրուած է: Համաձայն այս նախկին իրավունքին` այն պարագաներուն, երբ որոշումը 14 օր առաջ տրուած էր ու յետոյ իրագործուած, կարելի էր առանց այլեւայլութեան ըսել, թէ ոճիրը ընդհանրապէս խորհրդածութեամբ կատարուած է: Ատիկա այսօր փոխուած է: Ուղղակի հակառակ նախկին օրէնքին տրամադրութեանց` բարձրագոյն ատեանը ամենայն վճռականութեամբ կը բացատրէ, թէ այժմ ոճիրի կատարման ժամանակն է որ որոշիչ կը նկատուի: Ուրեմն կարեւոր չէ թէ ե‘րբ է տրուած որոշումը: Այսպէսով, այն խնդրին վերաբերմամբ` թէ տեղի ունեցա՞ծ է արդեօք ինքնին խորհրդածութիւն մը, մենք պէտք է կշռենք ու պարզենք` արդեօք ան գոյութիւն ունէ՞ր սպանութեան կատարման պահուն, թէ կրքի, զգացումներու, մտապատկերներու փոթորիկ մըն էր ամբաստանեալին մէջ:
Ասոր պատասխանը ես բնաւ չեմ ուզեր տալ. ան կը գտնուի, իմ տեսակէտով, գործին բնութեանը մէջ:
Ես կ’ուզեմ միայն մատնանշել այն, որ պետութեան բարձրագոյն ատեանը բացառիկ պայծառութեամբ բացատրած է (հատոր 42, էջ 261), թէ ի’նչ է խորհրդածութիւնը եւ ի’նչ է յոյզը:
Պարոններ, ես ստիպուած էի արծարծել այստեղ բարեխղճութեամբ նաեւ խորհրդածութեան խնդիրը, թէեւ մինչեւ որոշ աստիճան հակառակ եմ ատոր, որովհետեւ մենք, պաշտպաններս, ամբողջ սրտով, կատարեալ համոզումով պիտի խնդրենք ձեզ` յանցաւորութեան հարցին ժխտողական պատասխան տալ:
Դուք գիտէք – պ. նախագահը նոյնպէս տակաւին պիտի ըսէ ձեզ այդ - առաջին հարցումը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. ”Յանցաւո՞ր է ան…”: Անպատասխանատու վիճակի, հոգե-


-159-


կան գործունէութեան հիւանդագին խանգարման եւայլնի մասին առանձին հարցումներ չպիտի տրուին, այլ “յանցաւոր” բառին մէջ կը պարունակուի պատասխանը այն հարցումին, թէ դուք ամբաստանեալը` իր արարքի վայրկեանին` պատասխանատո՞ւ կը նկատէք թէ ոչ:
Ասոր մասին մենք արդէն իրազեկներու ամբողջ շարք մը լսեցինք:
Հոգեկան գուծունէութեան խանգարման խնդիրը օրէնքին մէջ այնպէս կ’արծարծուի թէ ազատ կամքը գոյութիւն չունի: Ու իրապէս, պարոններ, խիստ հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ինչպէս իրազեկները այստեղ, գրեթէ մեր առջեւ, կը մշակէին իրենց տեսակէտները, բացառութեամբ պ. գաղտնի խորհրդական Դր. Շտէօրմէրի, որ առջուընէ արտայայտած էր իր վերջնական տեսակէտը գրաւոր ցուցումի մը մէջ: Անկէ զատ մնացածները առաջին անգամը ըլլալով կը մօտենային խնդրին եւ իրեք իրենց հետ իսկ կը պայքարէին, դուք ալ անշուշտ այս տպավորութիւնը պիտի ստացած ըլլաք: Պ. Շտէօրմէր, մեր շատ փորձառու դատարանային բժիշկը, բայց այնուամենայնիւ ոչ հոգեբոյժ, եկած էր այն համոզման` թէ հոս մենք գործ ունինք պարզ մարմնական վերնոտութեան հետ, ու այդ համոզման վրայ ան կառուցած էր իր ցուցումը: Չէ՞, դուք ամենքդ ալ գիտէք, որ վերնոտութիւնը կ’ազդէ մինչեւ որոշ աստիճան հոգեկան գործունէութեան վրայ, սակայն աւելի կամ նուազ սահմանափակ չափով: Ու ահա պ. Շտէօրմէր կը հարցնէ. այստեղ վերնոտութիւնը այս տեսակէ՞ն է, որ կ'ազդէ հոգեկանին վրայ այնպես, որ ազատ կամքը բոլորովին կը վերնայ: Պատասխան. մէծ չափով նուազած, բայց ոչ բոլորովին վերացած:
Այնուհետեւ պ. Լիպման շատ նրբամիտ եղանակով ներկայացուց ուրիշ տեսակէտ մը. այն է թէ վերնոտութիւնը այստեղ մարմնական չէ, ոչ թէ կը հանգչի կեդրոնական նեարդային սիսթէմի եւ առանձին նեարդերու հիւանդացման վրայ, այլ թէ խնդիրը այն է որ հզօր հոգեկան տպաւորութիւն մըն է եղեր պատճառը ներկայ մարմնական, վերնոտութեան նմանող վիճակին: Որոշ չափով անցած դէպքէրու, հայրական տան պատկերին տպաւորութիւնն է, որ հիւանդ դարձուց ամբաստանեալին մարմինը: Պ. Պրոֆ. Լիպման կըսէ, թէ ամբաստանեալը այլեւս


-160-

 

մինչեւ որոշ աստիճան բռնուած էր այս գաղափարէն, այն յիշողութենէն եւ այն ամէնէն, ինչ որ ատկէ կը բխէր, բռնուած էր նաեւ իր մօր երեւնալէն եւ անոր պատուէրէն: Լիպման կը յայտարարէ, թէ Թէհլիրեանը ապրած է մշտական ծանրութեան մը տակ, թէ ան ինքզինքը գէշ կը զգար, երբ կը կենդանանային յիշողութեան պատկերները, դիակներու դաշտին հոտը, թէ ան եղած է ծանր ճնշումի մը, բռնադատութեան մը տակ: Ան հոգեկան հիւանդ մըն է` պատասխանատւութեան ամենանուազ կարողութեամբ:
Բայց այս զգուշաւոր, տարիքոտ հոգեբոյժը կու գայ այն կարծիքին, թէ ազատ կամքի կատարեալ բացակայութիւն մը գոյութիւն չունի: “Առնուազն, - կըսէ ան, - առնուազն իմ մասիս կըսեմ, որ այս վերջին եզրակացութիւնը չեմ կրնար հանել”: Ատով ան կը ցուցնէ, թէ` իբրեւ բժիշկ ինքը ստիպուած է հաշուի առնել դրական հետեւանքները: Ան չի կրնար ըսել. “Ես հաշուի կ’առնեմ հեռու գացող կարելիութիւններ”: Ան պէտք է ունենայ դրական բժշկական իրողութիւններ, որոնց կը յենու. ուստի` իբրեւ հոգեբոյժ` ան չի կրնար այդ ըսել: Սակայն զգոյշ կերպով ան կը կցէ. “Իմ մասիս` ես չեմ կրնար այս վերջին եզրակացութիւնը հանել, թէեւ փոքրագոյն բան մը միայն կը զատէ կացութիւնը ազատ կամքի կատարեալ բացակայութեան սահմանէն“:
Պրոֆ. Կասիրէր էականին մէջ միացաւ անոր:
Մնացած իրազեկները եւս մէկդի թողուցին պ. Շտէօրմէրի այն տեսակէտը, թէ այստեղ մենք գործ ունինք վերնոտութեան հետ, եւ թէ այդ վերնոտութեան միջոցով է որ կրնար ներգործութիւն մը տեղի ունենալ հոգիին վրայ: Անոնք ամէնքն ալ կու գան այն տեսակէտին, թէ հոգեկանը, հոգեկան յոյզն է յառաջընթացը, ու Պրոֆ. Կասիրէր կը խօսի “գիտակցութեան երազային պղտորում”ի մը մասին. ան կը մատնանշէ, որ ամէն անգամ, երբ ամբաստանեալը ինքզինքը գէշ կը զգար, յիշողութիւնները նորէն կու գային եւ չափազանց զօրաւոր կ’ըլլային. ու կ’եզրափակէ. գործին մէջ դեր խաղացած է նաեւ հիւանդութեան էական ազդակ մը, որ շատ մօտէն կը սահմանակցի 51րդ յօդուածին (այն յօդուածն է, որ կը խօսի ազատ կամքի բացակայութեան մասին). տարբերութիւնը մեզ հոգեբոյժներուս համար նուազագոյն է: - Ասոր վրայ ան կ’աւելցնէ, թէ ինքը` որպէս հոգեբոյժ` չի համարձակիր


-161-


աւելին ըսելու, որովհետեւ այն ատեն դուրս կ’ելլէր իր շրջանէն ու կը մտնէր դատաւորի, իսկ ներկայ պարագային` երդուեալներու շրջանը: Իմ պաշտօնակից Վէրթաուէրի հարցումին պատասխանելով ան կ’ըսէ, կարծեմ` բառացի կերպով, հետեւեալը. “Ես չեմ կրնար ատոր բժշկականօրէն պատասխան տալ: Եւ առհասարակ, - կ’աւելցնէ ան, - ամբաստանեալին վիճակը սպանութիւնը գործելու վայրկեանին կարելի է միայն կռահել”:
Ապա կու գայ կրտսեր սերունդը (ու ասիկա հոգեբանօրէն անհետաքրքրական չէ) - պ. Պրօֆ. Ֆօրստէր, շատ ականաւոր մասնագէտ մը` որպէս հոգեբոյժ: Սկիզբը այն կը միանայ Պրոֆ. Լիպմանի ու Պրոֆ. Կասիրէրի տեսակէտներուն: Բայց յետոյ, թէեւ ան պատերազմի ատեն իր ձեռք բերած փորձառութիւններու, պատերազմէն բխած հոգեկան հիւանդութիւններու եւ նման երեւոյթներու հիման վրայ շատ սկեպտիկ դարձած է եւ, ինչպէս ինծի առաջ ալ յայտնի էր, կը պատկանի այն բժիշկներու թուին, որոնք մեծ դժուարութեամբ ընդունելի կը նկատեն 51րդ յօդուածին կիրառումը, - ներկայ դէպքի մասին ըսաւ. “Այստեղ ծանր հիվանդութիւն մը իր բաժինը ունեցած է”.
“Հոգեբոյժին համար շատ դժուար է պատասխանել այս վերջին հարցերուն, որովհետեւ մենք հոգեբոյժներս, որպէս բնագէտներ, առհասարակ չենք կրնար ճանչնալ ազատ կամք: Բայց ճիշդ այստեղ է որ բառերու ամենանուրբ տարբերութիւնները խնդրի առարկայ կը դառնան: Դժուար խնդիր մըն է, թէ ազատ կամք բարձելու հարցումին արդեօք հաստատակա՞ն թէ ժխտական պատասխան պէտք է տալ: Պիտի ըսէի թէ 51րդ յօդուածին առաջադրութիւնը, կամքի ազատութեան բարձումը այստեղ կը պատշաճին: Ես շատ տրամադիր պիտի ըլլայի ատոր: Ամէն պարագայի մէջ ես ունիմ հիմնաւորւած տարակուսանք”:
Ուշադրութիւն դարձուցէք ճիշդ այս վերջին բառին. ես շուտով կ’անդրատառնամը անոր:
Յետոյ եկաւ նաեւ նեարդա¯յին հիւանդութիւններու բժիշկ Դր. Հակէ, որուն քով ամբաստանեալը իր հիւանդութեան մասին խորհրդակցելու գացած էր տակաւին առաջ, 1921ի փետրուար 4ին: Ընդհանրապէս ան միացաւ երեք նախորդ իրազեկ-


-162-


ներու տեսակէտներուն. սակայն իր խօսքին վերջը ըսաւ. “Ես աւելի հեռու կ’երթամ. հոս յոյզէ բռնուած անհատի մը գործողութիւն է:: Մարդասպանը կատարեր է գործը իր մտապատկերներու ճնշումին տակ: Ես զինքը բոլորովին անպատասխանատու կը նկատեմ”:
Պ. դատախազը, իրօք, որոշակի կերպով ընդունեց, որ իրազեկներու ցուցումներուն իմ ներկայացուցած այս պատկերը բացարձակապէս ճիշդ է::
Ինչպէս ըսի – ու դուք կը տեսնէք այդ - կրտսեր սերունդը թէեւ Պրոֆ. Ֆօրստէր արդեն 42 տարեկան է քիչ մը աւելի հեռու կ’երթայ, երէց սերունդը քիչ մը աւելի զգոյշ է: “Սոսկալի դժուար բան մըն է. մենք ամենքս ալ երկիւղ կը կրենք աւելին ըսելու, քան այն ինչի պատասխանատւութիւնը մենք, իբրեւ բժիշկներ, կրնանք վրանիս առնել: Սակայն ասոր հետ մէկտեղ մենք նաեւ չենք ուզեր ոչինչ կրճատել: Տարակուսանքներ կրնան գոյութիւն ունենալ”: Ասիկա կ’ըսեն նոյնպէս պ. պ. երէց հոգեբոյժները: Ասով ամբողջ պատասխանատւութիւնը ձեզ վրայ կը գլտորուի, եւ իրաւամբ: Պարոններ, ես կրնամ ընդհանրապէս դիտել, որ բժշկական իրազեկը, ինչպէս ամէն մէկ իրազեկ, միշտ ալ միայն օգնականն է դատաւորին: Ան օգնելու է մեզի` կազմելու մեր վճիռը: Բայց դատաւորն է վերջին ատեանը:
Ասով հանդերձ գործը այստեղ քայլ մըն ալ յառաջկ’երթայ: Բարձրագոյն ատեան մը եւս` պետութեան զինւորական ատեանը ասոր մասին երկու շատ հետաքրքրական որոշում տուած է: Իր որոշումներու 14դ հատորին մէջ ան ուղղակի կ’ըսէ.
“Պատժական օրինագրքին 51դ յօդուածի պարագային, բժշկական իրազեկներուն պաշսօնը կը լմննայ անով, որ անոնք կը ներկայացնեն ու կը պատճառաբանեն իրենց կարծիքը հոգեկան հիւանդութեան մասին. խակայն անոնք չեն որ պիտի որոշեն` թէ այդ հիւանդութեան պատճառով ազատ կամքը ի բաց կը հանուի, կամ թէ` ինչ որ նոյն նշանակութիւնը ունի` ամբաստանեալը իր արարքին համար պատասխանատու չէ, կամ դատապարտութիւնը կարելի չէ: Որոշումը ասոր մասին միայն դատարանին գործն է:”


-163-


Նման ձեւով կ’արտայայտուի նաեւ 17դ հատորը, որը կ’ըսէ.
“Բժշկական իրազեկը քննելու է թէ հոգեկան կացութիւնը արարքին պահուն հիւանդո՞տ էր թէ ոչ: Պատասխանատու ըլլալու խնդիրը ինքնին իրաւա- գիտական է եւ դատաւորն է, որ որոշելու է զայն: ”
Բայց իրապէս մենք պէտք չունինք նման որոշումներու, որովհետեւ, ինչպէս արդէն ըսած եմ, դուք առհասարակ ազատ էք ձեր որոծումին մէջ: Մինչեւ իսկ հոգեկան հիւանդութեան վերաբերմամբ իրազեկներու կարծիքը երբեք չի կրնար ձեզ բռնադատել:
Կամքի ազատութեան հարցին, որ հոս նկատողութեան կ’առնուի, կը միանայ սակայն մասնաւոր բան մը եւս, որ արգելք կ’ըլլայ բժշկական իրազեկներուն` որպէս այդպիսիներուն` պատասխանել այդ հարցին, եւ զոր մատնանշեց իրազեկ Պրոֆ. Ֆօրստէր այդ ան է որ բժշկական գիտութիւնը չի ճանչնար առհասարակ կամքի ազատութիւն:
Մարդկային կամքին ազատութիւնը, ինչպէս յայտնի է, այն խնդիրներէն է, որոնք ամէնէն շատ վիճաբանութեան առարկայ եղած են ոչ միայն փիլիսոփայութեան, այլեւաստուածաբանութեան մէջ: Այս խնդրին մասին, որուն նկատմամբ անհնարին է փորձեր կատարել, մեր պատժական օրինագիրքը բնականաբար ոչ մէկ վերաբերում կ’ընդունի: Ազատ կամքի սկզբունքը, զոր իբրեւ հիմ ընդունած է այդ օրինագիրքը, առնուած է գործնական կեանքի դիտողութենէն: Օրենքը այն ենթադրութիւնը կ’ընէ - եւ պէտք է որ ընէ ի շահ իրաւակարգին – թէ հասուն եւ մտաւորապէս առողջ մարդը պէտք եղած չափով կամքի ուժ ունի` զսպելու համար պատժելի գործողութիւններ կատարելու մղումները եւ գործելու համար` համաձայն ընդհանուր իրաւագիտակցութեան:
Այժմ ես կը վերադառնամ այն բանին, որու մասին ասկէ առաջ խնդրեցի որ յիշէք: Պրոֆ. Ֆօրստէր, իր անձնականի մասին ալ աւելի հեռու երթալով, ըսաւ. “Ամէն պարագայի մէջ` գոյութիւն ունի հիմնաւորված տարակուսանք”: Ու ահա ես կը շեշտեմ ամենայն զօրութեամբ, որ պետութեան բարձրագոյն ատեանը բազմաթիւ որոշումներու մէջ ըսած է, ինչ որ ինքնըստինքեան հասկնալի է, թէ հարցը երբեք կարելի չէ այսպէս դնել.


-164-


“կա՞յ այստեղ դրականապէս այնպիսի խանգարում մը, որ արգելք ըլլար կամքի ազատութեան”,այլ պէտք է հակառակ կողմէն գալ դրական համոզման, թէ ”այս մարդը լիովին պատասխանատու է”: Ամենաթոյլ տարակոյսն իսկ, թէ սպանութեան վայրկեանին ազատ կամքը իրապէս գոյութիւն է ունեցեր, այդ տարակոյսը այն արդիւնքը պէտք է ունենայ, որ ամբաստանեալը պէտք է անպարտ արձակուի: Եթէ պահանջուէր, որ դատավճիռը պատչառաբանուած ըլլար, այն ատեն չպիտի բաւեր բացասական ճշդումը` թէ երեւան եկած չեն այնպիսի պարագաներ, որոնք տարակուսելի կրնային դարձնել ազատ կամքը, այլ անհրաժեշտ պիտի ըլլար հաստատել հակառակ ձեւով, այն է թէ` ”այս մարդը պատասխանատու էր”:
Ու ինծի կը թուի, պարոններ, թէ պետութեան բարձրագոյն ատեանը տուած է ուղղութեան թելը նաեւ իրապէս գլխաւոր հարցին մէջ` թէ ե՞րբ գոյութիւն չունի ազատ կամքը. եւ ան ըրած է խիստ յստակ կերպով, աւելի յստակ քան բժիշկները, որոնք առհասարակ չեն ճանչնար կամքի ազատութիւնը:
Բարձրագոյն ատեանի մէկ որոշումին մէջ հետեւեալը կըսուի բառացիօրէն. “Ազատ կամքը կը պակասի այն ատեն, երբ հիւանդոտ խանգարման հետեւանքով որոշ մտապատկերներ կամ զգացողութիւններ կամ օտար ազդեցութիւններ այն աստիճան հզօրապէս կ’իշխեն կամքին վրայ, որ անոր որոշումը բանական կշռադատումներու միջոցով անհնարին կը դառնայ”:
Ուրեմն, երբ հոգեկան ուժերու ամբողջութիւնը, ամբողջ Ես’ն է ստեղծիչը գործ մը ընելու որոշումին, այն ատեն միայն կարելի է գործին պատասխանատւութիւնը վերագրել Ես’ին` որպէս այդ ամբողջութեան:
Դարձեալ. “եթե մէկուն վրայ լիովին իշխող հզօրագոյն գաղափարն է, որ ինքը մինակ յառաւ կը բերէ արարքը, իսկ բոլոր ուրիշ ազդակները կը մնան շուքին մէջ, այդ պարագային այլեւս ամբողջ Ես’ը չէ, այլ անոր մէկ հիվանդոտ մասն է, որ կը կատարէ արարքը”:
Ըլլալով այս տեսակէտէն` ըսեք հիմայ. կրնա՞ք վստահօրէն պնդել թէ ամբաստանեալը այն վայրկեանին, երբ տեսաւ Թալէաթ փաշային տունէն ելլելը եւ նոյն վայրկեանին տուաւ որոշումը, առաւ ատրճանակը պայուսակէն, փողոց նետուեցաւ ու


-165-


յարձակեցաւ անոր վրայ – կրնա՞ք պնդել թէ նոյն պահուն ան կատարելապէս ի վիճակի էր ի մի ժողվելու իր բոլոր հոգեկան ուժերը` ընդունելու համար որոշում մը – կամ թէ իր մեռած մայրը չէ՞ր միայն եւ իր զարհուրելի մտապատկերները, յիշողութիւնները իր խոշտանգուած ժողովրդի մասին եւ ուրիշ նման բաներ, որոնք կը դառնային իր գլխուն մէջ եւ դրին զէնքը իր ձեռքը: Ես անհնարին կը նկատեմ, թէ կարելի ըլլար դրականապէս հակառակը պնդել: Բժիշկները դժուարին կացութեան մէջ ձեզ մինակ կը ձգեն, անոնք ձեզ վրայ կը թողուն պատասխանատւութիւնը: Անոնցմէ երկուքը կ’ըսեն “ոչ, կարելի չէ ճշդել թէ ան պատասխանատու էր”:
Կը կարծեմ թէըսածս պիտի բաւէ, որպէսզի դուք այս անսահման դժուարին խնդրին մէջ դիւրութեամբ կարենաք կարենաք որոշել ձեր բռնելիք դիրքը. ըրովհետեւ ես գիտեմ թէ ընդհանրապէս կրնան ըսել. ”Այնուամէնայնիւ ցաւալի ու ձախող բան մըն է, որ մէկը հիւրընկալուած էր գերմանական հողին վրայ ու ահա այժմ կը սպաննուի”: Մոր այս ժամանակին մէջ, ուր ամենուրէք պայքարներ տեղի կ’ունենան, ուր այսօր ալ տակաւին հայերու եւ թուրքերու միջեւ կռիվնորը կը շարունակուին, ու ամէն տեղ արիւն կը հոսի - արդէն պ. դատախազը ինքը եւս մատնանշեց այդ - այս պայմաններու մէջ նման բաներու հետ աւելի շուտ կարելի է հաշտուիլ: Ամէն մարդ այն զգացումը պիտի ունենայ, է` յամենայն դէպս Թալէաթի կառաւարութեան միջոցով է որ թափեցաւ արիւնի ամբողջ ծով մը` առնուազն մէկ միլիոն հայերու - երեխաներու, կիներու, ծերերու եւ քաջ ու կարող այրերու. եւ եթե Հարդէնբէրգ փողոցին մէջ ատոր մէկ կաթիլ արիւն եւս միացաւ, մենք պիտի մխիթարենք մեզ անով, թէ մեր ճակատագիրն է, որ այսպիսի ահաւոր ժամանակ մը կ’ապրինք:
Ես շատ հեռու եմ անկէ, որ հոս վերջնական վճիռ մը տամ մարդ - Թալէաթի մասին: Ինչ որ կարելի էր առարկայօրէն ըսել, ես ըսի սկիզբը: Սակայն բան մը եւս կ’ուզեմ ըսել. անշուշտ անեւս, իր կարգ մը ընկերներու պէս, կը ձգտէր ոչնչացնել հայ ժողովուրդը` ստեղծելու համար զուտ թուրքական մեծ պետութիւն մը. անշուշտ, ասոր համար ան գործածեց միջոցներ, որոնք մեզ եւրոպացիներուս անհանդուրժելի կը թուին - անարդարութիւն ` թէեւ, երբ կ’ըսուի, թէ Ասիոյ մէջ, ուր կեանքը աւելի վար կը


-166-


գնահատուի, նման սարսափները կարելի է ըմբռնել. չէ՞ որ արդէն նոյն Ասիոյ մէջ կ’ապրին տարբեր աշխարհայեցողութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ ամէնէն առաջ բուդդայականներ, որոնք մասնաւոր գորովով կը խնայեն մարդը եւ մինչեւ իսկ անասունը:: Բայց ես այնուամէնայնիւ չեմ ուզեր, նկատի ունենալով աւելի բարձր տեսակէտ մը, անհատապէս պատասխանատու բռնել այն մարդը, որ պառկած է հողին տակ: Անոր նոյնպէս կը պատշաճի այն, ինչ որ ըսած են երկու հանճարեղ ֆրանսացիներ, Գիւստավ Լըբօն եւ Անրի Բարբիւս , համաշխարհային պատերազմին սարսափելի երեւոյթներու մասին. - Առանձին գործիչներու ետեւ կանգնած են ոգիներ, դեւեր, որ կը վարեն զիրենք. անոնք միայն գործիքներ են իրաւացի կամ անիրաւացի գաղափարներու եւ զանգուածային ներծնչումներու, որոնք այս ու այն կողմ կը մղեն մարդերը` իբրեւ ճատրակի խաղաքարեր. այդ գործիչները կը կարծեն թէ կամեցողութիւն ունին, իրականութեան մէջ սակայն կը գործեն ճնշումի մը տակ: Որքան ալ ահաւոր ըլլայ այն, ինչ որ հոս տեղի ունեցած է, այնուամէնայնիւ պէտք չէ մենք այնքան պզտիկ ըլլանք, որ ատիկա փաթթենք առանձին դժբախտ անհատի մը վիզը: Իրապէս սոսկալի ճակատագիր մը վիճակուած է մեզի, եւ այդ ճակատագրին կը պատկանի, իբրեւ պզտիկ մաս մը, Հարդէնբէրգ փողոցին դէպքը:
Սակայն աւելի սոսկալի կը ըլլար, եթե գերմանական դատարան մը այդ ճակատագրին միացնէր վիրաւորումը հանդարտօրէն կշռադատող արդարութեան` ընդդէմ անօրինակ ծանր փորձութիւններու ենթարկուած այս մարդուն:
Ես կը յուսամ, պ. պ. երդուեալներ, թէ այս գաղափարը դուք խօրապէս պիտի դրոշմէք սրտներուդ մէջ` տալու համար այն անսահմանօրէն դժուարին վճիռը, որ միայն ձեր խիղճերուն վրայկը ծանրանայ: Իսկ մենք ունինք միայն համէստ պաշտօնը` ձեր վճիռներու միջոցին մանկաբարձուհիի մը ծառայութիւնը մատուցելու:

_______________________________

Պաշտպան իրավական խորհրդական Դր. Իօհաննէս Վերթաուէր, Բերլին:

Դր. Վերթաուէր. – Պարոններ երդուեալներ, ձզի կը տրուի հարցաթերթը, ուր կը գտնէք նախ սպանութեան վերա -


-167-


բերող հարցումը: Այդ հարցումին արդեօք “այո” կամ “ոչ” պիտի պատասխանէք - այս է ահա քննութեան առարկան: Որդուք խորհրդածութեան վերաբերմամբ դրուած հարցումին ժխտողական պատասխան պիտի տաք, ատոր մասին աւելորդ կը նկատեմ խօսիլ: Ես պէտք է խօսիմ այն մասին, թէ սպանութեան վերաբերմամբ դրուած հարցումին “այո” թէ “ոչ” պիտի պատասխանէք: Արդէն հարցաթերթը ինքը կու տայ ձեզի յենակէտը”ոչ”ի համար, որովհետեւ հոն չըսուիր թէ` “ամբաստանեալը սպաննե՞ր է արդեօք Թալէաթ փաշան”, այլ` “յանցաւո՞ր է ամբաստանեալը Թալէաթ փաշան սպաննելուն համար”: Այս տարբերութիւնը կ’ուղեկցի Ձեզ երդուեալներուն սենեակը. ու երբ վերադառնաք այդ սենեակէն, ան երեւան կու գայ ձեր պատասխանին մէջ. ձեր խորհրդակցութեան ամէն փուլին մէջ ան ձեր աչքին առջեւը կ’ըլլայ: Ան կը համապատասխանէ գերմանական օրէնքին:
Գերմանական օրէնքը այդ կէտին նկատմամբ լաւ է. ան հին է, աւելի քան 50 տարի առաջ կազմուած, բայց եւ այնպէս լաւ է: Եթէ գերման պատժական դատավարութեան մասին գէշ կը խօսուի, այդ կը վերաբերի միայն լավ օրէնքի գործադրութեան: Իմ կարծիքով, պէտք ալ չկայ այդ օրէնքին փոփողութեան, ու ես բնաւ չեմ ալ յուսար, թէ պ. դատախազի յիշած բարեփոխութիւնը իրապէս բան մը բարելաւէ:: Ներկայ օրէնքը բաւական լաւ է, եթէ միայն ամէն ոք կատարէ իր պարտականութիւնը:
Ամէն մարդ կը զգայ, որ ամբաստանեալը ազատ պիտի արձակուի: Դժուարութիւնը անոր մէջ է, որ գուցէ խօրհիք, թէ` քանի որ ամբաստանեալը մարդ մը սպաններ է, արդեօք օրէնքը չի պահանջեր, որ դատապարտենք զինքը. մենք գերմանական իրավունքին դատաւորներ ենք, մենք երդուել ենք նպաստել արդարութեան յաղթանակին. ըւստի, համաձայն օրէնքի, պէտք չէ որ անպարտ արձակենք մարդասպանները: Պիտի ըսեմ ձեզի, որ սխալ եզրակացութիւն մը կըլլար այդ, եւ այն` նոյն այդ օրէնքին տեսակէտէն: Համաձայն մեր գերմանական օրէնքին` պէտք է անպարտ արձակէք ամբաստանեալը. ու այն ինչ որ ամէն ոքկը զգայ, այս պարագային պա